ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սուրիական քաղաքացիական պատերազմը շահագործուելով, շուտով վերածուեցաւ հակա-ալաուի խաչակրութեան։ Սուրիական օրինաւոր իշխանութեան դէմ բացայայտ պայքարի մտան յատկապէս Սէուտական Արաբիան, Ծոցի Էմիրութիւնները եւ Յորդանանը։ Ասոնք սուրիական բանակի ընդդիմադիրներու եւ ծայրայեղական զինեալներու խմբաւորումներուն հայթայթեցին առատ փող ու զինամթերք։
Զուգահեռաբար, Իրաքի արեւմտեան սահմաններու երկայնքին եւ ապա հիւսիսային շրջաններուն մէջ, սիւննի զինեալները, սկզբնական յաջողութիւններէ ետք, Ռաքքայի,– իրենց մայրաքաղաքը հռչակելով,– ու Տէր Զօրի մէջ ծնունդ տուին «Իսլամական Խալիֆայութեան»։ Ամերիկեան օժանդակութեամբ, ու մասնակցութեամբ իրաքեան բանակին եւ յատկապէս շիի միլիսներու, ջախջախուեցաւ իսլամական նորաստեղծ պետութեան տիրապետութիւնը Իրաքի, ու լրացուցիչ կերպով՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ, նաեւ՝ քիւրտ զինեալ միաւորներու աջակցութեամբ։
Սուրիական պետութեան դիմումին ընդառաջելով, Դաշնակցային Ռուսաստանի օդային ու ցամաքային հեռահաս հրթիռներով ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ Իրանի Յեղափոխական Պահակներու ջոկատները, եւ ասոնց զինամարզած լիբանանցի Հըզպալլայի կռուողները, սուրիական բանակի կողքին, պայքարին նժարը թեքեցին ի նպաստ սուրիական կառավարութեան։ Հետզհետէ վերագրաւուեցան Հոմսը, Համան, Հալէպը ու Տարաան։ Վերոյիշեալ եւ այլ գրաւուած շրջաններէ ողջ մնացած ճիհատիսթները ապաստան գտան իրենց վերջին կայանը հանդիսացող Իտլիպի մէջ։
***
Սուրիոյ 14 կուսակալութիւններէն մէկն է Իտլիպը։ Թուրքիոյ հետ ունեցած 822 քլմ. երկարութեամբ հասարակաց սահմանէն միայն 35 քլմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Արեւմտեան Սուրիոյ 6-րդ քաղաքն է, շուրջ 8,800 քառ. քլմ. տարածութեամբ, ու կը գտնուի Լաթաքիոյ եւ Հալէպի միջեւ։
Քաղաքացիական պատերազմի այս հանգրուանին, բնակչութիւնը 1,300,000-էն բարձրացած է աւելի քան 3 միլիոնի, ներքին գաղթականութեանց եւ իշխանութեան դէմ պայքարող, եւ հոն ապաստան գտած զինեալներու հետեւանքով։ Ասոնց թիւը նախապէս կը գնահատուէր շուրջ 65,000, որուն 15,000-ը օտարներ էին, 7,000-ը Կեդրոնական Ասիայէն (Ղրղզստան, Իւսպէքիստան, Ղազախստան, Չինաստան-Ույկուիներ), 6,000-ը Չեչնիայէն ու Տաղստանէն. մնացեալը՝ սուրիական բանակի ընդդիմադիր զինուորներ, սուրիացի զինեալներ, Ալ-Քաիտայի եւ իսլամիսթ զինախումբեր Արաբական Թերակղզիէն եւ այլ երկիրներէ։ Անցնող եօթը տարիներուն այլազան ճակատամարտերու մասնակցելէ ետք, ծայրայեղ մնացորդացը հանգրուանած է Իտլիպ։ Սուրիան պիտի նախընտրէր արմատական կերպով ձերբազատուիլ յիշեալ զինեալներէն։
Ռուսաստան-Իրան-Թուրքիա երեք երկիրներու գերագոյն ղեկավարներու Ասթանայի մէջ իրագործուած հանդիպումին, հակառակ կարգ մը հասկացողութեանց, տարակարծութիւնները շարունակուեցան։ Կարիքը տեսնուեցաւ գագաթի երկրորդ հանդիպումի մը, որ կայացաւ անցեալ Սեպտեմբեր 7-ին Թեհրանի մէջ։ Հետաքրքրական է, որ հանդիպումը հեռատեսիլէն սփռուեցաւ։ Էրտողան ժամանակ կ՚ուզէր խաղաղօրէն լուծելու հարցը, փորձելով համոզելու ծայրայեղական ճիհատիսթները հեռանալու Իտլիպէն։ Ցարդ լուծում մը գտնուած չըլլալով Ասթանայի առաջին ժողովէն իվեր, ու նկատելով որ ծայրայեղականները ներկայացուցիչ մը չունէին այս վերջին հանդիպումին, ըստ Փութինի այլեւս աւելորդ էր երկարաձգել լուծումի պայմանաժամը։ Մէկ օր վերջ, Սեպտեմբեր 8-ին, սաստիկ ռմբակոծումներու ենթարկուեցան արդէն ծայրայեղականներու դիրքերը, սուրիական ու ռուսական օդանաւերու կողմէ։
Մ. Նահանգներ ազդարարած է, որ պիտի հակազդէ, եթէ քիմիական ռումբեր օգտագործուին։ Առաձգական այս դիրքորոշումը կը նշանակէ որ Ամերիկա այս հանգրուանին միջամուխ չ՚ուզեր ըլլալ Սուրիոյ մէջ։ Անիկա պիտի շարունակէ աչալուրջ հսկողութիւն կատարել, իրաքեան հողամասին վրայ գտնուող, Արաբական Թերակղզիին եւ Հրէաստանի իր զինուորական դիրքերէն։
Թեհրան եւս կողմնակից է Իտլիպի մէջ գտնուող ծայրայեղական իսլամիսթներու մաքրագործումին։ Անիկա իր զինեալ ջոկատները եւ Հըզպալլայի զինեալները պիտի շարունակէ պահել Սուրիոյ մէջ, մինչեւ ծայրայեղականներու վերջնական լուծարքը։
Էրտողան չափազանց նեղի մատնուած է, զրկուած ըլլալով Եւրոպական Միութեան եւ յատկապէս Ամերիկայի նեցուկէն։ Անիկա բանակցութիւններով կը ճգնի համոզել ծայրայեղական իսլամիսթները, որպէսզի իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող չափաւորական զինեալներուն ու պարզ ժողովուրդին թոյլ տան դուրս ելլելու։ Լրացուցիչ կերպով, իրենք ալ ազատ անցք ունենան այլ վայրեր տեղափոխուելու։
Ասթանայի առաջին ժողովի որոշումով, Թուրքիոյ իրաւասութիւն կը տրուէր Իտլիպի մէջ հաստատել 12 յենակէտեր, որպէսզի զինուորականութիւնը կարենար հակակշռել հոն կայք հաստատած ծայրայեղ զինախումբերու շարժումները։ Այս որոշումին գործադրութիւնը որեւէ բարելաւում չէ բերած ծայրայեղ զինեալներու բռնատիրական գործունէութեանց։
Թուրքիոյ մեծագոյն վախը ա՛յն է, որ սաստիկ ռմբակոծումները, ոչ միայն պիտի պատճառեն կեանքի ծանր կորուստներ, այլ՝ խուճապային նոր արտագաղթ դէպի Թուրքիա, ուր արդէն կ՚ապրին 3,5 միլիոն մեծամասնութեամբ սուրիացիներ։ Ասոնց համար Եւրոպան մեծագումար օժանդակութիւն կը կատարած է, Թուրքիոյ մէջ պահելու համար զանոնք։ Գաղթականներու նոր ալիքը յաւելեալ տաղտուկ պիտի պատճառէ թրքական պետութեան։ Միւս կողմէ, իսլամիսթ զինեալներու Թուրքիա մուտքը, պիտի ծանրացնէ արդէն տնտեսական լուրջ տագնապէ տառապող ժողովուրդին գոյավիճակը։
Մէկ խօսքով Թուրքիա առանձին մնացած է։ Ապաժամ դարձած է անոր կուրծք ծեծելն ու լարախաղացութիւնը։ Անիկա հետեւողականօրէն գործակցեցաւ ծայրայեղականներու հետ։ Էրտողան մոռցա՞ծ է արդեօք այն օրերը, երբ Իսլամական Պետութենէն գնեց արտահանուած աժան քարիւղ՝ Հիւսիսային Իրաքի ու Տէր Զօրի հանքահորերէն։ Իր գործակցութիւնը, առաջին օրէն, հետեւողական եղած է, սուրիական իշխանութեանց դէմ խաչակրութեան ելած զինախումբերուն հետ, որոնք անխնայ կոտորեցին հիւսիսային Իրաքի եզիտիներն ու քրիստոնեայ համայնքները, թալանելով եւ աւերելով միատեղ անոնց բնակավայրերը։
Եթէ արեւմտեան պետութիւնները, յատկապէս՝ Մ. Նահանգները, անակնկալօրէն չմիջամտեն, Իտլիպի անկումը դարձակէտը պիտի հանդիսանայ սուրիական բարդ տագնապի աստիճանական բարելաւումին։
Իտլիպի ճակատագիրը կրնայ աղիտաբեր հետեւանքներ ունենալ։ Միանգամայն, անոր անկումը կրնայ առաջնորդել Սուրիոյ եօթնամեայ պատերազմական գոյավիճակի դադրեցման ու շրջանի խաղաղեցման։
Մաղթենք մեծ պետութիւնները ու շրջանի գլխաւոր դերակատարները, ՄԱԿ-ի ալ օժանդակութեամբ, յօժարակամ ըլլան դրական պատասխանատուութիւններ վերցնելու։






