ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Գալուստեան-Նուպարեան-Պօղոսեան Եգիպտահայ վարժարաններու նախկին շրջանաւարտներու Գալիֆորնիոյ յանձնախումբը ինքնաբուխ առաջարկութիւնով հանդէս եկաւ օգնելու Վանաձորի Մ. Մաշտոցի անուան թիւ 15 դպրոցին: Օգնութեան շարժառիթը հանդիսացաւ անցեալ Յունուարին կազմակերպուած միջոցառում մը հայկական բանակի կազմաւորման տարեդարձի առթիւ: Մասնակիցները 5-րդ «Ա» դասարանի աշակերտներն էին, որոնց մէջ էր նաեւ իմ թոռնուհին.: Հանդէսը տեղի էր ունեցեր դասարանի մէջ, քանի որ դպրոցը չունի հանդիսութեան դահլիճ: Դպրոցի հիմնական շէնքը 1988-ի երկրաշարժին վնասուած ըլլալով ներկայիս կը զբաղեցնէ նախկին բուժարանի համեմատաբար փոքր երկյարկանի շինութիւնը: Տեսագրուած միջոցառումը, որուն մասնակցած էին նաեւ զինուորական ներկայացուցիչներ, տեղադրեր էի դիմատետրի մէջ: Կարճ ժամանակ անց Սոնա Մինակեան անունով յարգարժան անձնաւորութենէ ստացայ անակնկալ նամակ, որով ԳՆՊ-ի Գալիֆորնիոյ յանձնախումբը, բարձր գնահատելով հինգերորդ դասարանցիներու կազմակերպած հանդիսութիւնը իրենց դասարանին մէջ, կ’առաջարկէր իր օժանդակութիւնը դպրոցին՝ նուիրելով համակարգիչ եւ այլ օգտակար պիտոյքներ: Դպրոցի տնօրէնութիւնը խնդրեց դասարանները ձմեռ ժամանակ տաքցնելու համար ջեռուցիչ համակարգեր առաջին եւ երկրորդ յարկերու համար: Յանձնախումբը ընդառաջեց եւ Յուլիս ամսուն տեղադրուեցաւ առաջին յարկի տաքացուցիչը: Սեպտեմբերին ուղարկուեցաւ օգնութեան երկրորդ մասը եւ այժմ տեղադրման աշխատանք կը տարուի երկրորդ յարկը տաքցնելու համար: Դպրոցը օժտուելու է նաեւ աշակերտական այլ անհրաժեշտ պիտոյքներով: Ձմեռը հեռու չէ. տաքուկ դասարաններու մէջ մեր դպրոցականները աւելի սիրով կը սորվին իրենց դասերը: Խորին շնորհակալութիւն ԳՆՊ-ի Գալիֆորնիոյ յանձնախումբին այս մեծ օգնութեան համար:







