Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

«Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կենտրոնի լրատուութիւն

Պրն. Նազարէթ Գեւոնեան

Նուիրատուբարերարը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ունեցած ենք բազմաթիւ բարեգործներ. բարեգործութիւնը անհատի մը ազնուագոյն առաքինութիւններէն մէկն է:

Ունեցած ենք նաեւ անձնաւորութիւններ, որոնց նուիրատուութիւնները պայմանաւորուած են շահադիտական ակնկալութիւններով. այդ տեսակի նուիրատուներ առեւտրական մտայնութեան վրայ  կարելի չէ բարերատուութիւն նկատել: Բարեսիրութեան քանակը չէ որ կ’արժեւորէ այդ արարքը: Յիշենք «Որբեւայրիի լուման», նուիրատուին նպատակը, ոգին եւ

իր համեստութիւնն է որ զինք կ’արժեւորէ «Բարերարի» կոչումին:

Պրն. Նազարէթ Գեւոնեան փոխնախագահն է «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան: Ան իր նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով նկատուած է այդ կազմակերպութեան ողնասիւներէն մէկը, որ բազմաթիւ ազգաշէն ծրագիրներ իրագործած է, անաղմուկ ու առանց շեփորումի: Պրն. Գեւոնեան կը հաւատայ որ հայապահպանումի կարեւոր ազդակներէն են հայ մշակոյթը եւ երկիրը (Հայրենիքը): Ան բազմաթիւ նուիրատուութիւններ կատարած է եւ օգտակար եղած է զանազան մշակութային կազմակերպութիւններու, այլազան ծրագիրներու իրագործման ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Պրն. Գեւոնեան լաւատեղեակ ըլլալով ՀԲԸ Միութեան «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբի բեմադրութիւններուն եւ մշակութային այլազան ձեռնարկներուն, ինքնակամ ու սրտաբուխօրէն փափաքած է մեծագումար նուիրատուութիւն մը կատարել, հայ մշակոյթի եւ արուեստի ջահը վառ պահելու համար այս փոթորկալից ովկիանոսին մէջ:  

Ան կը փափաքի որ ՀԲԸ Միութեան «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբի վարչութիւնը մասնայատուկ աշխատանքի ձեռնարկէ հայ երիտասարդ տաղանդներ յայտնաբերելով եւ թիկունք կանգնելով  ու քաջալերելով զանոնք որպէսզի կարենան հասնիլ նախանձելի մակարդակի:

Պրն. Գեւոնեան պատրաստ է նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ օկտակար դառնալու վերոյիշեալ ծրագրի իրագործման:

Կը փափաքիմ իր ներողամտութիւնը խնդրել, եթէ այս գրութեամբ իր համեստութիւնը վիրաւորած ըլլամ: Այս գրութեան նպատակը զինք փառաբանել չէ, ինք պէտք չունի գովասանքի, այլ մեր գաղութին մէջ գտնուող բազմահարիւր բարեկեցիկ անձնաւորութիւններ իր օրինակին հետեւելով, նպաստեն բոլոր ազգանուէր կազմակերպութիւններուն, անխտիր, օժանդակելով հայապահպանման առաքելութեան:

Կանխայատ շնորհակալութիւններով եւ առողջութեան լաւագոյն մաղթանքներով,                                                          

Ջերմօրէն՝ Հ. ՄԵՂՐՈՒՆԻ

Լոս Անճելըս, Հոկտեմբեր 2018

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին