Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Ճանապարհ՝ Հայաստան

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մշոյ ոլոր-մոլոր թաղերէն եւ փողոցներէն անցնելով հասանք հայկական եկեղեցիի մը մնացորդին, որուն կիսափլատակ պատերը, առաստաղի, դուռերու եւ պատուհաններու բացօթեայ ողորմելի տեսարանը մեզի կը յիշեցնէր նոյն այն հայկական հնութիւնները, եկեղեցիները եւ յուշակոթողները, որոնք զոհ դարձած էին աւազակութեան, կողոպուտի եւ կործանման աշխատանքներուն: Այս մէկ եկեղեցին իր կողքի կորուսեալ եւ գետնի հաւասար գերեզմանատունով ունէր 1600 տարուան պատմութիւն, որուն քարերը եթէ լեզու ունենային մեզի պիտի պատմէին իրենց վրայով անցնող հողմերուն պատմութիւնները:

Հազիւ ինքնաշարժէն իջած, չորս կողմերնիս կը դիտէինք եւ կը պատրաստուէինք նկարելու, արդէն մի քանի երեխաներ կը փորձէին մեզի մօտենալ, երբ մեր ականջին հասաւ, հազիւ լսելի իգական ձայն մը, «Նազելի՛, պուրյա կէլ»: Անակնկալի եկած՝ կայծակի արագութեամբ շրջած էինք դէպի այդ ձայնը: Նազելի՞, ինքնիրենս հարց տալով, բայց այդպիսի թրքական անուն չկար, վստահ էի: Սառսրազդեցիկ զգացում մը կը պատէր մեր փշաքաղուած մարմինը, տեսնելով դեռատի աղջնակի մը վազքը դէպի աստիճաններէն վեր, քարաշէն տուն մը, որուն դռան առջեւ կանգնած էր մայրը, նոյնպէս երիտասարդ տիկին մը, գիւղական տարազով, այնպէս ինչպէս կրնայինք երեւակայել հայ գիւղացին 100 տարի առաջ: Մայր ու աղջիկ արդէն անհետացած էին դռան ետին, իսկ մենք ապշահար կը դիտէինք, եւ կ՚ուզէինք, այո՛ կ՚ուզէինք իմանալ եւ պարզել մեր տեսածն ու լսածը: Տակաւին բնակիչ հայ կա՞ր այստեղ, թէ՝ սխալած էինք: Շրջանը հնամեայ քարաշէն, փայտաշէն եւ թիթիղաշէն տուներու եւ ծուռումուռ ու անել փողոցներու կոյտի կը նմանէր, որուն մուտքն ու ելքը յայտնի չէին: Իսկ մենք, տակաւին շուարած կը դիտէինք մեր չորս դին առանց կարենալ հասկնալու պատահարը, երբ մեր պտոյտի առաջնորդը օգնութեան հասաւ մեզի, բացատրելով թէ՝ Մուշի մէջ կան ծպտուած եւ իսլամացած հայեր, բնակչութեան 21 տոկոսով, որոնք կը ջանան թաքուն մնալ, ի սէր իրենց կեանքի ապահովութեան. եւ շատ հաւանական էր որ ծպտուն հայկական անուններ լսէինք, երբ «անոնք» իրար մօտ ըլլան: Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, այս շրջանի հայ ժողովուրդը պաշարուած մնաց օսմանեան եւ քրտական բարբարոս խուժաններուն մէջ, անկարող փախչելու: Այժմ անոնց վախճանը եղած է կախակայուած հայեր, հայկականութեան եւ իսլամութեան, թրքութեան կամ քրտութեան հորիզոններուն միջեւ առկախուած, որ յաճախ յաւիտեան կը թուի ու անտանելի: Անոնք կրկնակի անգամ տուժեցին բաղդատաբար աքսորեալ եւ փախչած հայուն եւ անոնք տակաւին կը կրեն այդ տաժանակիր եւ  անլուծելի հոգեկան բեռն ու անոր հետեւանքները մինչեւ մահ, սերունդներէ սերունդ: Կարելի չէ մեր հայրենի կամ սփիւռքեան ներկայ զգացմունքներով դատել անոնց ապրած թշուառ կեանքը որ անջատուած է համայն աշխարհէն, ահ ու դողով քեզ դիտելու համար դռան մը ճեղքէն կամ պատուհանէն: Արդեօք ի՞նչ կը մտածէին մեր մասին: Բայց ի՞նչ տարբերութիւն, արդէն այդ անիծեալ եաթաղանին հասցուցած վնասը փոխանցուած էր սերունդէ սերունդ:

Շրջանը յայտնի էր որպէս հայակեդրոն. բայց որեւէ մօտեցում մեզի կամ հետաքրքրութիւն, տեղացիներուն կողմէ բնաւ ակնառու չէր: Մի քանի տնակներու կիսաբաց դռներու եւ պատուհաններու ճեղքերէն ամչկոտ ու վախկոտ աչքեր կը հետեւէին մեզի, կարծէք ըսելու «մեզ ազատ թողէք, մի՛ վտանգէք մեր կացութիւնը»:

Ազատ աշխարհի մէջ թեւեր առած մեր խմբակը կարծես հետամուտ էր հետապնդման, պարզելու եւ լուծելու համար այդ առեղծուած պատահարը, «Նազելի»-ն ո՞վ էր, անոր հայրը, մայրը, անոնց ծնողները ովքե՞ր էին, կ՚ուզէինք իմանալ եւ պարզել: Բայց՝ մեր պտոյտի առաջնորդին յորդորներով խուսափեցանք աւելորդ տեղական ալեկոծումներէ եւ ինքնաշարժ բարձրանալով ուղղուեցանք դէպի ճաշարան: Անօթի էինք, բայց որո՞ւ ախորժակը ընդունակ էր որեւէ ուտելիքի:

Շատ կարճ էր ճանապարհը դէպի ճաշարան, ուր մէկ այլ անակնկալ մեզի կը սպասէր:

Ճաշարանին տէրերը եւ սպասարկողներու մեծամասնութիւնը հայեր էին:

«Բարի եկաք»-ով դիմաւորուեցանք ճաշարանի տիրոջ կողմէ, որ նստած էր մուտքին, հին հայկական պապենական սովորութեամբ: Մեզ տեղաւորեցին յատուկ պատրաստուած սեղաններու շուրջ, հրամցնելով… հայկական խորտիկներ: Ապշած կը դիտէինք նախ՝ սպասարկու անձը, որուն աչքերը կը մատնէին իր հայ ըլլալը, անկասկած, հակառակ անոր որ հայերէն չէր խօսեր, եւ ապա՝ մեր չորս դին, մտածելով, արդեօք որո՞նք հայեր են այստեղ:

Հայկական հիւանդութիւն կրնաք կոչել այս փնտռտուքը, բայց դուք եւս հայեր  չէ՞ք փնտռեր  երբ օտար շրջապատի մէջ գտնուիք:

Մեր տրամադրութիւնները արդէն բարձրացած էին եւ ճաշակեցինք մեր հայորդիներու պատրաստած համեղ ճաշերը ու վերադարձանք պանդոկ, քչիկ մըն ալ շուկան պտտելու համար:

 

Շար. 9

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին