Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Խմբագրական Նոր Օրի. Ազնաւուր, Թարգմանչաց տօն, Ֆրանքոֆոն գագաթաժողով եւ Երեւան-2800

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հոկտեմբեր է, եղանակը՝ աշնանային, ազգային-քաղաքական կեանքը՝ եռուն, հրաժեշտ կու տանք փոքրամարմին մեծ հայուն, փառապսակ կը զետեղենք Սահակ-Մեսրոպներուն յիշատակին, այս մտորումներով կը դիմաւորենք Ֆրանքոֆոնիայի գագաթաժողովը Երեւանի մէջ, եւ նոյն մտորումներով խճճուած շուտով պիտի նշենք նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակը…

Շարլ Ազնաւուր մարդն ու արուեստագէտը իր մահով այնքան մեծցաւ, հսկայ դարձաւ, որ դուրս գալով ֆրանսացիի ու հայու իր պատեանէն, այսօր ան դասականացաւ համայն մարդկութեան դիմաց։ Ազնաւուր երգիչն ու դերասանը, բանաստեղծն ու բեմի վարպետը տակաւին երկա՜ր, շատ երկար պիտի հնչուի ու լսուի, որովհետեւ ան մեր հայելին է, մարդկութեան մէկ մասնիկը, որ աչք ունէր տեսնելու եւ իր տեսածը պարզօրէն եւ պարզապէս ներկայացնելու։ Յարգա՜նք անոր վաստակին առջեւ։

***

Այս ամիս մեր եկեղեցական օրացոյցը կը յուշէ ամսուն 13-ը որպէս Թարգմանչաց տօն. Ս. Թարգմանիչներ՝ Մեսրոպ, Եղիշէ, Մովսէս Քերթող, Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայ, Գրիգոր Նարեկացի եւ Ներսէս Շնորհալի։ Մեծութիւններ, որոնք Վռամշապուհ արքայի եւ Սահակ կաթողիկոսի տեսիլքը իրականացուցին եւ ԱԲԳ-ի զէնք-զրահով ապահովեցին հայոց լեզուի շարունակականութիւնը արդէն 1600 տարի շարունակ։ Գիրին գիւտը մագաղաթին, քարին ու պատմութեան յանձնեց մեր հնչող ու շնչող լեզուն, մեր գիտական թէ փիլիսոփայական միտքը, որոնք շա՜տ աւելի հին են քան տառերը երեսունվեց։ Մեսրոպ կը մնայ մեր փրկիչը հայերէն լեզուի, իսկ անոր աշակերտները՝ սիւները Հայերէնի տաճարին։ Հրաշք չէ՞ միթէ, երբ նոյն տառերը կը գործածենք այսօր համակարգիչով, խելախօսով թէ այլօրէն, նոյն գեղեցիկ տառերը, որոնք ծնած ու արձանագրուած են հազար եւ աւելի տարիներ առաջ…

***

Թէեւ մէկ կողմէ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը ալեկոծումներէ կ՚անցնի այս օրերուն,– բան մը, որ բնական է թաւշեայ յեղափոխութեան ցունամիին յաջորդող յետցնցումներու տեսքով,– միւս կողմէ, Երեւան կը դիմաւորէ երկու մեծ երեւոյթներ այս ամիս. ֆրանսախօս երկիրներու Ֆրանքոֆոնիայի գագաթաժողովը այս շաբաթ, որուն պիտի յաջորդեն Էրեբունի-Երեւանին նուիրուած պատմական աննախընթաց օրերը՝ քաղաքին 2800-րդ տարեդարձին առիթով։ Ինչպէ՜ս չշնորհաւորել եւ բարի մաղթանքներ չյղել հայրենի մեր ժողովուրդին, որ այնքա՜ն կարիքը ունի ժպիտի, բարի տրամադրութիւններու եւ յաղթանակի քաղցրութիւնը վայելելու բնական պահանջքին։

***

Այս կցկտուր ու հարեւանցի մտորումները լաւատեսութեան շղարշին տակ պարուրուած, թող յոյս ու լոյս փոխանցեն մեր ժողովուրդին, որ ապրի՛լ գիտէ, կերտե՛լ ու արարե՛լ գիտէ։ Բաժակը, համբերութեան բաժակը, որ լեցուած էր, ժայթքեցաւ Ապրիլ-Մայիս 2018-ին։ Ներհայաստանեան քաղաքական երկրաշարժը Նիկոլ Փաշինեանի մը առաջնորդութեամբ համարձակեցաւ սեւին սեւ ըսել եւ ճերմակին՝ ճերմակ։ Այդ նոյն բաժակը յորդած է նաեւ Սփիւռքի մէջ, դասական՝ 20-րդ դարու սփիւռքահայ կառոյցներուն մէջ եւս։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի  շարունակենք անտարբեր մնալ միջակութիւններով շրջապատուած ընկերային, մշակութային, կրթական, եկեղեցական, քաղաքական, բոլո՛ր, մեր բոլո՛ր կառոյցներէն ներս, երբ կրնայինք եւ կրնա՛նք շատ աւելին տալ մեր ժողովուրդին, պատրաստել շատ աւելի հայասէր, հայրենասէր, հայերէնասէր եւ հպարտ հայեր, բնակութիւն հաստատելով տարբեր երկիրներու մէջ։

Թող Արգիշտի Ա. թագաւորէն մինչեւ Սահակ եւ Մեսրոպ, մինչե՜ւ… Շարլ Ազնաւուր, մեր մեծերը օրինակ ծառայեն բոլորիս, որպէսզի վաղը մենք ալ մեր գործով արժանանանք մարդկութեան յարգանքին ու անմահանանք։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին