ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Բարձր հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ պիտի մեծարուի Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան՝ երկար տարիներու կրթական եւ մանկավարժական իր ծառայութեան համար։ Ան Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Շաբաթօրեայ վարժարաններուն ընդհանուր տեսուչն է, հետեւելով անոնց ծրագիրին եւ այցելելով բոլոր վարժարանները Լոս Անճելըսի մէջ եւ անկէ դուրս։
«Նոր Օր» փոխանցելով կանխայայտ շնորհաւորութիւններ, զրուցեց տիկին Անդրէասեանի հետ։ Ան «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» շքանշանի արժանացած է Սուրբ Էջմիածինէն, անդամ է AIWA-ի (Հայ կանանց համաշխարհային ընկերակցութեան), ՀԲԸՄ-ի «Հայ Կին» միաւորին, ԹՄՄ-ի, ՌԱԿ-ի։
– Դոկտոր Անդրէասեան, ի՞նչ յիշատակներ ունիք ձեր մանկութենէն։
– Այո, շատ լաւ յիշատակներ ունիմ։ Ծնած եմ Լիբանան, Պաալպէք քաղաքին մէջ։ Պաալպէքը գիտէք, կ՚ըսեն թէ գեղատեսիլ այդ ամրոցը աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը ունէր։ Մանկութեանս, երբ հայրս զիս կը տանէր այցելութեան այդ ամրոցը, միշտ կը զարմանայի, թէ մեծ-մեծ այդ քարերը ինչպէս քանդակուած եւ փոխադրուած էին այդտեղ։
Նոյնպէս յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է հօրս ու մօրս նուիրումը հանդէպ հայրենիքին եւ հայութեան։ Կը յիշեմ, բաւական մեծ տուն ունէինք, եւ Բարեգործականի օգնութիւնը կու գար մեր տունը եւ հոնկէ կը բաշխուէր կարիքաւոր հայերու (հայրս եղած է հանրայայտ ատամնաբոյժ եւ ՀԲԸՄ-ի գործօն անդամ)։ Եւ այս բոլորը Պաալպէքի մէջ։ Այդ տարիներուն հայ ընկերներ չունէի, չկար նաեւ հայկական դպրոց։ Զահլէ քաղաքն էր որ ունէր հայութիւն, դպրոց եւ եկեղեցի։ Քեռիներս հոն կ՚ապրէին եւ ես սկսայ յաճախել Զահլէի ՀԲԸՄ-ի Պալըգճեան վարժարանը։ Հոն սորվեցայ հայերէնս, նոյնիսկ բեմէն ելոյթ ունեցած եմ… փոքրիկ աղջնակ մըն էի։
– Շատ հետաքրքրական է։ Իսկ ձեզ ճանչցողները գիտեն, որ ձեր կեանքին կարեւոր մէկ մասը անցուցած էք Հայաստանի մէջ։
– 1946 թուականին հօրս ու մօրս սէրը տարաւ զիրենք հայրենիք, հայրենադարձուեցան եւ առաջին դասարանէն ես սկսայ յաճախել Երեւանի Ղազարոս Աղայեանի դպրոցը եւ աւարտեցի յաջողութեամբ։ Շարունակեցի բարձրագոյն ուսումս Բրիւսովի անուան Ռուսաց եւ օտար լեզուներու համալսարանին մէջ, ուր եւ փայլուն աւարտելէ ետք մնացի որպէս դասախօս, ութ տարի դասաւանդելով ֆրանսերէն լեզու եւ գրականութիւն։
1974-ին ընտանիքով փոխադրուեցանք Ամերիկա։ Այստեղ կ՚ուզեմ յիշել ամուսինս։ Ամուսնացած եմ Արա Անդրէասեանի հետ, որուն հայրը տնօրէնն էր Պէյրութի Աբգարեան վարժարանի։ Արան գիտնական գիւղատնտես էր, ծառայած է Հայաստանի կառավարութեան մէջ Քոչինեանի օրով, որպէս Հայաստանի բոլոր պետական այգիներուն եւ պարտէզներուն գլխաւոր գիւղատնտես։
– Կը խնդրենք քանի մը խօսք ձեր արմատներուն մասին։
– Մենք Գալուստեան ենք։ Գալուստեանները Ագշէհիրէն են։ Մեծ հայրս չեմ ճանչցած։ Ան գերմանական “Singer” մեքենաներու ներկայացուցիչը եղած է Թուրքիոյ մէջ, որ դաժանօրէն թունաւորելով սպաննած են Ցեղասպանութեան վաղորդայնին։ Ծանօթ բժիշկներ մեծ մայրս տեղեակ կը պահեն սպանութեան մասին։ Տարագրութեան տարիներուն, մեծ մայրս կրցած է ձեւով մը ընտանիքը փոխադրել Յունաստան եւ ապա՝ Լիբանան։ Թրքախօս էր ան։ Տարագրութեան տարիներուն շատ հաւանաբար ծանր փորձառութիւններ ունեցած էր, սակայն բերանը կղպած ոչ մէկ բառ կը խօսէր այդ մասին։
– Դոկտ. Անդրէասեան, դուք ֆրանսերէնի մասնագէտ էք, սակայն նոյնքան եւ աւելի «ինքնութեան դեսպան» կրնանք որակել ձեզ։
– Ինքնութիւնը զիս հետաքրքրած է Պոսթոնի համալսարանին մէջ, ուր դոկտորականս կը պատրաստէի։ Հոն էր որ տարբեր ազգութիւններու ծանօթացայ, մարդոց՝ որոնք չունէին յստակ պատկերացում թէ ովքե՞ր են, ուրկէ կու գան։ Մինչ այդ երկրորդ մագիստրոսի աստիճանս ստացած էի Ռոտ Այլընտի համալսարանէն՝ դարձեալ ֆրանսերէնի մէջ։ Փրովիտընսի մէջ հայ մշակոյթ դասաւանդած եմ մեծահասակներու՝ գիշերային դասընթացքներու ընթացքին, ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ։ Տարբեր հաստատութիւններու մէջ անգլերէն դասաւանդելէ ետք վեց տարի, ՀԲԸՄ-ի Կրթական մարմինի ատենապետուհի Դոկտ. Բերկրուհի Սվաճեանը հրաւիրեց զիս Պոսթոն։ Փոխադրուեցանք Պոսթոն եւ ստանձնեցի ՀԲԸՄ-ի վարժարանի տնօրէնուհիի պարտականութիւնները 12 տարի շարունակ։ Իմ բարձրագոյն ուսումս ԱՄՆ-ի մէջ լիովին կը պարտիմ ՀԲԸՄ-ին, որուն դիմաց կը մնամ երախտապարտ։
– Եւ յետոյ երկրորդ «արտագաղթ» մը դէպի Արեւմտեան ափ…
– Մենք հանգիստ էինք Պոսթոնի մէջ, աշխատանքը կար, տունը, ընտանիքը՝ իր հերթին։ Տիկին Լուիզ Սիմոնը շատ մօտիկ էր մեր դպրոցին եւ յաճախ մեր դպրոցը օրինակ կը բերէր որպէս յաջող փորձառութիւն։ ՀԲԸՄ-ի մեր դպրոցը մինչեւ վեցերորդ դասարան էր, եւ շրջանաւարտները շրջանի բոլոր լաւագոյն դպրոցները յաճախելով մեր պարծանքն էին։ Երբ Տիկին Լուիզ առաջարկեց տեղափոխուիլ Լոս Անճելըս եւ գործել այդ օրերուն նոր տնօրէն նշանակուած Պրն. Յակոբ Յակոբեանին կողքին՝ պատրաստելու դպրոցին կրթական ծրագիրը (ի դէպ, իմ մասնագիտութիւնս կրթական ծրագրի պատրաստութիւն եւ երկլեզու կրթութիւն է), ընդունեցի առաջարկը, ամուսնոյս ու աղջիկներուս՝ Անահիտին եւ Արուսին հետ, որոնց հետ երեքս նոյն տարին աւարտած էինք, ընտանեօք հաստատուեցանք Լոս Անճելըս։ Նախ որպէս Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի կրթական ծրագրի պատասխանատու, երկու տարի, որմէ ետք՝ վարժարանի փոխտնօրէնուհի, շուրջ երկու տասնամեակ։
– Ներկայիս ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ստանձնած էք։
– Կ՚այցելեմ դպրոցներ որպէս WASC-ի ներկայացուցիչ, ստուգելով եւ ապահովելով անոնց վերաորակաւորումը։ Սակայն, գլխաւորը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու ընդհանուր տեսուչի պաշտօնն է, որ կամաւորաբար կը շարունակեմ տարիներէ իվեր։ Երկու դպրոցով սկսանք եւ հիմա արդէն 15 դպրոց ունինք։ Շուտով Կլենտէյլի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ կից պիտի բացուի նոր դպրոց մը եւս, կան նաեւ այլ ծրագիրներ։ Սաքրամենթոյէն մինչեւ Սան Տիէկօ, Փորթլենտ եւ Լաս Վեկաս ամէն կողմ դպրոց ունինք։ Բաւական լաւ համբաւ ունին մեր դպրոցները։ Աշակերտութեան թիւը կը բազմանայ։ Օրինակ, Պըրպենք Առաջնորդարանի մեր «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեան 300-է աւելի աշակերտ ունի այսօր։
Վերջաւորութեան կ՚ուզեմ աւելցնել կարեւոր կէտ մը, թէ միշտ ու միշտ ուսուցիչներու հետ աշխատած եմ, միշտ ուսուցիչ պատրաստած եմ՝ համբերութեամբ եւ սիրով, եւ շատ կը սիրեմ իմ ուսուցիչներս։ Ինծի համար դպրոցը գոյութիւն ունի եթէ կայ ուսուցիչը։ Ուսուցիչն է որ կը պահէ դպրոցը կանգուն։ Ուսուցիչն է որ կը բերէ համբաւը դպրոցին։ Ուսուցիչն է որ իր սէրը կու տայ… բոլոր ուսուցիչները, հայերէնի ուսուցիչը, բոլորն ալ նուիրեալներ են։ Օր մը, ոեւէ ուսուցիչ չեմ վիրաւորած։ Եթէ սխալ ըրած է ուսուցիչը, առաջին անգամ ոչ մէկ բան ըսած եմ, քանի որ եթէ ուսուցիչ է եւ զինք կը ճանչնամ տարիներով, մէկ անգամ կրնայ սխալ մը ընել, պէտք չէ ուսուցիչը ցաւցնել այդ մէկ սխալին համար։
– Շնորհակալութիւն Դոկտ. Անդրէասեան այս հաճելի զրոյցին համար։ Ձեզի կը մաղթենք ամենայն բարիք։
– Թոյլ տուէք առիթէն օգտուելով շնորհակալութիւն յայտնել Յովնան Սրբազանին, որ Թորոնթոյի մէջ ծառայած տարիներէն կը յիշեմ զինք։ Ան միշտ հոգատար գտնուած է երիտասարդութեան հանդէպ, միշտ կ՚ուզէ կապել երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ եւ իրեն համար հայը հայ պահելը առաջնահերթութիւն է, հայ երիտասարդ սերունդին մէջ հայ ինքնութեան կերտումը նպատակ է իրեն համար։
Շնորհակալութիւն նաեւ «Նոր Օր»ին այս առիթը ընձեռելուն համար։
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Կլենտէյլ, Հոկտեմբեր 2018






