«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ֆրանքոլիբանանեան համագործակցութիւնը մեծ հարստութիւն է: Այս մասին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանքոֆոնի 17-րդ գագաթնաժողովի իր ելոյթին մէջ նշեց Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունը: Ան կարեւորեց մի քանի լեզուներու իմացութիւնը՝ նշելով, որ ատիկա հարստացնէ մարդուն:
«Ծնելէ ետք մօր հետ առաջին կապը լեզուն է: Կեանքի ընթացքին, սորվելով նոր լեզուներ, մարդը կը հարստանայ եւ մէկէ աւելի լեզու իմանալը բազմապատկումի նշան է: Ես հնարաւորութիւն ունիմ մտածելու ֆրանսերէն, երբ կը խօսիմ ֆրանսացիներու հետ, սորված եմ իտալերէն, սպաներէն, անգլերէն: Լեզուի ուղեգիծը հրաշալի կամուրջ է քաղաքակրթութիւններու միջեւ»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ ըսաւ Լիբանանի նախագահը:
Միշէլ Աունի խօսքով՝ Ֆրանքոֆոնը պէտք է հաստատէ միասին ապրելու գերագոյն արժէքը: Ան նշեց, որ Լիբանանը կը ներկայացնէ աշխարհի մանրակերտը, մէկ հասարակութեան մէջ կ’ապրին իսլամներ, քրիստոնեաներ: Լիբանանը իւրայատուկ օրինակ է հանդուրժողականութեան տարածման գործին մէջ:
Լիբանանը տարիներու պայքարէ ետք ընդունած է գոյակցութեան դրութիւնը, նշեց նախագահ Աուն : «Լիբանանը, ուր առկայ են տարբեր դաւանանքներ, իր բազմակարծ հասարակութեամբ յիրաւի բովանդակ աշխարհ է փոքրիկ մանրանկարի մէջ»,- ըսաւ Աուն: «Տարիներու տառապանքներէ ետք մենք վերջապէս յաջողեցանք յաղթահարել բաժանումներն ու համակերպիլ գոյակցութեան»:
«Միասնական կեանքը, միասին ապրիլը մեր բոլորի գերագոյն արժէքն է: Ասոր կը հետեւի կազմակերպութիւններ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, որոնք կը տարածեն հանդուրժողականութիւնը, խաղաղութիւնը: ՄԱԿ-ի մէջ նախաձեռնութիւն ունեցայ ստեղծելու երկխօսութեան ձեւաչափեր: Կը ցանկայի տեսնել անոնց լայնամաշտաբ տարածումը: Լիբանանը մեր տարածաշրջանին մէջ Ֆրանքոֆոնի շարժիչ ուժերէն մէկն է: Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ Պէյրութի մէջ պիտի ստեղծուի Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան տարածաշրջանային կեդրոն, եւ ես կը յայտնեմ աջակցելու իմ պատրաստակամութիւնը»,-ըսաւ Լիբանանի նախագահը:
Միշէլ Աուն անդրադարձաւ նաեւ մեծանուն երգիչ, աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրին: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի բնակչութիւնը եւ անձամբ ինքը խոր վիշտ կ’ապրին Շառլ Ազնաւուրի կորուստին հետ կապուած:
«Կը ցանկայի յորդորել շատ մեծ ուշադրութեամբ հետեւիլ այս հրաշալի գանձին եւ զայն փոխանցել սերունդներուն»,- աւելցուց Լիբանանի նախագահը: