spot_img

Տեղի Ունեցած Է ՀՀ Կառավարութեան Հերթական Նիստը՝ Նիկոլ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախքան օրակարգային հարցերու քննակումը վարչապետը յայտնած է, որ ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնին կը նշանակուի այժմ փոխնախարարի պաշտօնը զբաղեցնող Գաբրիէլ Ղազարեանը: «Ցանկանում եմ ողջունել նորանշանակ նախարարներին՝ Արտակարգ իրավիճակների նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանին, Տրանսպորտի, կապի եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաների նախարար Յակոբ Արշակեանին եւ Էներգետիկ ենթակառուցուածքների եւ բնական պաշարների նախարար Գարեգին Բաղրամեանին: Յարգելի պարոնայք, յաջողութիւններ եմ մաղթում ձեզ: Ուզում եմ տեղեկացնել, որ որոշում եմ կայացրել Գաբրիէլ Ղազարեանին Սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերի նախարար նշանակելու մասին: Համապատասխան միջնորդութիւն եմ ներկայացրել հանրապետութեան նախագահին՝ նրան նախարար նշանակելու վերաբերեալ»,- նշած է  Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային կ’ըլլան նաեւ միւս նշանակումները:

Գործադիրի որոշմամբ Հոկտեմբեր 11-ի եւ 12-ի աշխատանքային օրերը կը տեղափոխուին,  համապատասխանաբար, Հոկտեմբեր 27-ը եւ Նոյեմբեր 3` Շաբաթ օրերը: Աշխատանքային օրերու տեղափոխումը պայմանաւորուած է Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի ընթացքին Երեւան քաղաքի փոխադրամիջոցներու երթեւեկութիւնը արդիւնաւէտ կազմակերպելու անհրաժեշտութեամբ:

ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիբեանը տեղեկութիւն ներկայացուցած, թէ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս մայրաքաղաքի ո՛ր փողոցները պիտի փակ ըլլան երթեւեկութեան համար:

Վարչապետը ներողութիւն խնդրած է հայրենակիցներէն պատճառուած անհանգստութեան համար եւ յորդորած այդ օրերուն հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ մեքենայով աւելի քիչ երթեւեկել եւ օգտուիլ երկաթուղիէն: Դիմելով փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեանին՝ կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ այդ կապակցութեամբ անհրաժեշտ է տալ ստոյգ յանձնարարական՝ այդ օրերուն մարդկային մեծ հոսքը յաւուր պատշաճի սպասարկելու համար: «Բազմիցս արձանագրուել է, որ սա մեր երկրի Երրորդ  հանրապետութեան պատմութեան համար աննախադէպ մասշտաբային իրադարձութիւն է եւ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի: Մենք պէտք է բարձր մակարդակով անցկացնենք այս միջոցառումը»,- ըսած է վարչապետը: Նիկոլ Փաշինեան համոզում յայտնած է նաեւ, որ մեր հայրենակիցները լաւ կ’ընդունին եւ անհրաժեշտութեան պարագային կ’աջակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած հազարաւոր հիւրերուն:

Վարչապետը համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարած է ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլերու՝ մայրաքաղաքին մէջ անվտանգութեան մակարդակը բարձր պահելու համար եւ արձանագրած, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջովին պատրաստ է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին