«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Չորեքշաբթի ըսաւ, թէ հաւանական է, որ խորհրդարանի երկրորդ օրէնսդրական նիստը գումարէ, եթէ կառավարութեան կազմաւորումը ի կատար չածուի Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Այս մասին կը փոխանցեն երեսփոխաններ, որոնք ներկայ էին խորհրդարանի նախագահին հետ շաբթական դրութեամբ տեղի ունեցող հանդիպումին:
Հըզպալլայի երեսփոխան Ալի Ֆայյատ լրագրողներուն հաղորդեց, որ Պըրրի յստակօրէն շեշտած է. «Եթէ կառավարութեան կազմաւորումը չիրագործուի այսօրուընէ մինչեւ ընթացիկ ամսուան աւարտը, օրէնսդրական երկրորդ նիստը պիտի գումարուի անպատճառ»:






