spot_img

Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Մնալ Աշխարհի Մէջ Ամենակաշառուած Երկիրներէն Մէկը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Համաշխարհային դրամատունը հրապարակած է համաշխարհային կառավարման վերաբերեալ հերթական զեկոյցը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական azadliq.info լրատուական գործակալութիւնը:

2017-ի վերաբերեալ կատարուած ուսումնասիրութիւններու բերումով կազմուած զեկոյցը կը գնահատէ երկիրներուն մէջ կաշառակերութեան դէմ տարուող պայքարը:

Երկիրներուն մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան մակարդակը գնահատուած է 1-100 բալի սահմաններուն մէջ:

Ազրպէյճանը 100 բալէն ստանալով 17.7 բալ՝ յայտնուած է կաշառակերութեան դէմ ամենաանարդիւնաւէտ պայքար մղող երկիրներու շարքին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին