spot_img

Նախարարաց Խորհուրդի Կազմաւորման Շուրջ Լաւատեսութիւն Ամենեւին Չկայ. Ժաաժաա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղին վերացնելու կապակցութեամբ ստոյգ լաւատեսութիւն դրսեւորող յայտարարութիւններուն անդրադառնալով՝ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա ընդգծեց, որ նման լաւատեսութիւն ամենեւին չկայ: Այս մասին ԼՈ-ի առաջնորդի մեկնաբանութիւնները հրապարակուած են ԼՈ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի ըսաւ, որ նոր կառավարութեան կազմաւորումը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի իրականանայ 7-10 օրուան ժամանակամիջոցի մէջ, սակայն քաղաքական առաջատար գործիչներ հաստատեցին, որ տուեալ փակուղին պիտի շարունակէ երկարիլ:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին