spot_img

Հաւանական Է, Որ Պըրրի Օրէնսդրական Երկրորդ Նիստը Գումարէ, Եթէ Նոր Կառավարութեան Կազմաւորումը Չիրականանայ Ընթացիկ Ամսուան Ընթացքին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Չորեքշաբթի ըսաւ, թէ հաւանական է, որ խորհրդարանի երկրորդ օրէնսդրական նիստը գումարէ, եթէ կառավարութեան կազմաւորումը ի կատար չածուի Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Այս մասին կը փոխանցեն երեսփոխաններ, որոնք ներկայ էին խորհրդարանի նախագահին հետ շաբթական դրութեամբ տեղի ունեցող հանդիպումին:
Հըզպալլայի երեսփոխան Ալի Ֆայյատ լրագրողներուն հաղորդեց, որ Պըրրի յստակօրէն շեշտած է. «Եթէ կառավարութեան կազմաւորումը չիրագործուի այսօրուընէ մինչեւ ընթացիկ ամսուան աւարտը, օրէնսդրական երկրորդ նիստը պիտի գումարուի անպատճառ»:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին