Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Լիբանանի Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Կրթական Սեմինար – ՔՋԱԿ

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Լիբանանի Հայ Աւետարանական վարժարանները կրթական մարմիններու, տնօրէններու, ուսուցիչներու համագործակցութեամբ իրենց դռները բացին 2018-2019 տարեշրջանին, յօգուտ հայ դպրոցին, հայ մանուկին, հայ ուսուցիչին եւ հայ ծնողին:

Վերամուտի առթիւ, Հայ Աւետ. Վարժարաններու ուսուցիչներու ընտանիքը քով-քովի բերելու, զանոնք գնահատելու եւ խրախուսելու համար ՄԱՀԱԵ Միութեան Լիբանանի Կրթական Խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ Կրթական Համադրող Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ Հինգշաբթի, 20 Սեպտեմբեր, 2018-ին ՔՋԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը, մասնակցութեամբ աւելի քան 100 ուսուցիչներու, տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու:

Սեմինարի առաջին բաժինը տրամադրուած էր Հայ Աւետ. կրթական առաքելութեան, իսկ երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէր Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկի լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակման սեմինարներու շարքէն քաղուած էական նիւթերու փոխանցման:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին ներկաները ողջունեց, եւ օրուան յայտագրին մանրամասնութիւնները փոխանցեց Տիկ. Սեդա Գարակէօզեան, ապա բեմ հրաւիրեց ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմնի Ատենապետ, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, Կրթական խորհուրդի անդամ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը:

Վեր. Հայտոսթեան, անդրադառնալով Սփիւռքի մէջ անցնող տարիներուն Սփիւռքի հայկական վարժարաններու դժուարութիւններուն, ընդգծեց, թէ նոր օրեր կ’ապրինք բոլորս, մեր անհատական թէ՛ հաւաքական կեանքի մէջ: Հարցերը շատ են, հրամանատարը կարեւոր դերակատարութիւն ունի ընելիք, սակայն ուսուցիչ-զինուորին վստահուած է աշակերտին ապագան: Ան գնահատեց ուսուցիչները, որոնք ազնւութեամբ, համբերութեամբ դիմակալեցին հարցերը՝ քաջ գիտակցելով, որ ուսուցչութիւնը նախ եւ առաջ առաքելութիւն մըն է:

Ապա եօթը հիմնական կէտերու վրայ կեդրոնանալով՝ Վեր. Հայտոսթեան բացատրութիւններ տուաւ ուսուցիչներու վերապատրաստման, տիրող մշտական գաղթի պատրաստ սերունդի, ուսումնական ծրագրի մէջ հայերէնի դերի մասին, ազգային-հոգեւոր-մարդասիրական արժէքներու կարեւորութեան: Ան թելադրեց նուազ նուաճող (low achiever) աշակերտներու բաւարար մղում տալ՝ աւելիին հասնելու համար: Օգնել հոգեկան անհանգիստ վիճակ ունեցող սերունդին, ճկուն ուսուցումի եւ ճկուն մօտեցումի միջոցաւ: Ձեռք երկարել ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներու ուսման արեւելումի նկատմամբ անորոշութիւն ունին: Վերապատուելին իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ լայն տեղ եւ արագ տեղ կը հասնինք, եթէ մտքով, հոգիով, պատկանելիութեամբ հաւասարակշռուած հայեր ըլլանք: Ան հարց տուաւ. «Ո՞վ է կշիռը ճշդողը: Տէրը՝ Աստուած»:

Հայկազեան Համալսարանի Արուեստի եւ Գիտութեան բաժնի տեսուչ, Կրթական Խորհուրդի ատենապետուհի Դոկտ. Արտա Էքմէքճի, ընթերցեց եւ բացատրութիւններ տուաւ Յուլիս 2001-ին Քեսապի մէջ գումարած  Միութեան 58-րդ համաժողովի ընթացքին ճշդուած կրթական առաքելութեան մասին:

Ա. բաժնի աւարտին, բոլորը հաւաքուեցան խմբանկար մը ունենալու եւ վերամուտի առթիւ պատրաստուած կարկանդակը հատելու, առաջնորդութեամբ կրթական համադրող յանձնախումբի ատենապետ Տիկ. Սօսի Պալեանի:

Բ. բաժինը սկսաւ Օրդ. Գայիանէ Մածունեանի ներկայացումով, որ կը բովանդակէր Տիկ. Շաղիկ Խուտավերտեանի դասախօսութիւնը (վերջինիս բանաւոր բացակայութեան պատճառաւ):

Օրդ. Մածունեան անդրադարձաւ արժէքներու փոխանցման, իմաստաւորման գործընթացին: Ան շեշտեց դպրոց-ուսուցիչ-ծնողք երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեց թէ կրթութեան մէջ պարտաւոր ենք չէզոքութիւն պահելու եւ հիմնուելու քննադատական մտածողութեան վրայ:

Ապա, Տիկիններ Անի Տագէսեան, Մարալ Աւետիսեան եւ Սելլա Մուղալեան բացատրութիւններ տուին reflective practice-ի մասին եւ խումբերու բաժնելով ներկաները, հարցաթերթիկներ բաժնեցին, օրինակներով ամրապնդելու համար իրենց խորհուրդները:

Ճաշի դադարին ՔՋԱԿ-ի գեղատեսիլ ճաշասրահ ուղղուեցան ներկաները: Աղօթքը կատարեց Կրթական խորհուրդի անդամ Պատ. Սեւակ Թրաշեան, որմէ ետք ճաշի սպասարկութիւն տեղի ունեցաւ:

Սեմինարի եզրափակիչ նիւթերն էին մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն համար, Տիկ. Կարինէ Չոլագեանի պատրաստած նիւթը՝ առնչուած պաշտամունքի պահերուն հետ: Իսկ մնացեալ ուսուցիչները համախմբուեցան ՔՋԱԿ-ի մատուռը լսելու Դոկտ. Հանին Հութի դասախօսութիւնը Educational Assessment նիւթի շուրջ: Դասախօսներուն շնորհակալական նուէրներ տրուեցան:

Մէկ ժամ տեւող հետաքրքրական դասախօսութենէ ետք, ուսուցիչները աշխատանքային խմբակներու բաժնուեցան եւ հաւաքաբար պատասխանեցին կարգ մը հարցաթերթիկներու: Այս աշխատանքները պատրաստած էին՝ Տիկ. Նազիկ Քեչեճեան եւ Տիկ. Քրիստին Յակոբեան (ուսողութիւն), Պրն. Նժդեհ Մխսեան (գիտութիւն), Տիկ. Զարմինէ Ասմինեան (հայերէն) եւ Տիկ. Անգինէ Օպէյտ (անգլերէն):

Սեմինարի աւարտին ուսուցիչները կազդուրուած, նոր տեսլականներով զինուած, վերամուտի սեմին ոգեւորուած վերադարձան իրենց տուները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին