«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թրքական ոստիկանութիւնը կ’որոնէ սեւ բեռնատար, ուր ամենայն հաւանականութեամբ կարելի պիտի ըլլայ գտնել Հոկտեմբեր 2-ին Իսթամպուլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւն մուտք գործելէ ետք անհետացած «The Washington Post»-ի սէուտացի թղթակից Ճամալ Հաշքաճիի մարմինը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Տիքեն» պարբերականը:
Ճամալ Հաշքաճիի անհետացման գործով հետաքննութիւն իրականացնող թրքական ոստիկանութիւնը հակուած է այն վարկածին, ըստ որուն՝ սէուտացի լրագրողը սպաննուած է:
Թրքական ոստիկանութիւնը մանրամասն կ’ուսումնասիրէ հիւպատոսութեան տարածքը հսկող անվտանգութեան 150 տեսախցիկներու արձանագրած լուսանկարները:
Տեսախցիկներու արձանագրած լուսանկարները յստակօրէն հաստատած են լրագրողի մուտքը հիւպատոսութիւն, սակայն չկայ գոնէ մէկ լուսանկար կամ տուեալ, որ հաստատած ըլլայ լրագրողի դուրս գալը հիւպատոսութենէն:
Հետաքննութեան արդիւնքներուն համաձայն՝ լրագրողի սպանութեան մէջ կը կասկածուի 7 անձ, որոնք իր անհետացման օրը 2 տարբեր օդանաւերով ժամանած են Իսթամպուլ, Հաշքաճիի հիւպատոսութիւն մտնելէ կէս ժամ առաջ մտած են հիւպատոսութեան շէնք, մօտ մէկուկէս ժամ անց դուրս եկած եւ գացած են 3 տարբեր ուղղութիւններով:
Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) դիմած էր Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ՝ կոչ ընելով Իսթամպուլի մէջ անհետացած սէուտացի ընդդիմադիր լրագրող Ճամալ Հաշքաճիի գործով անյապաղ քայլերու ձեռնարկել:
Հոկտեմբեր 8-ին Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Ապտըլ Քարիմի ալ Հարիճիին կանչած է սէուտացի լրագրող Ճամալ Հաշքաճիի անհետացման առնչութեամբ:
Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը դեսպանէն խնդրած էր թոյլ տալ խուզարկութիւն իրականացնելու Իսթամպուլի Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ:
Թուրքիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը Թուրքիոյ մէջ կորսուած յայտնի լրագրող Ճամալ Հաշքաճիի գործի վերաբերեալ պարզաբանումներ տալու համար կանչուած էր հիւրընկալ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն նաեւ Հոկտեմբեր 4-ին:
Հաշքաճին Հոկտեմբեր 2-ին այցելած է Իսթամպուլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան, որմէ ետք իր մտերիմները անոր մասին լուր չունին:
Հաշքաճիին կանչած են հիւպատոսարան, իր ընկերուհին սպասած է մուտքին, սակայն լրագրողը դուրս չէ եկած:
Իսթամպուլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանէն կը պնդեն, որ լրագրողը դուրս եկած է շինութեան տարածքէն, ապա կորսուած:






