«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Համաշխարհային դրամատունը հրապարակած է համաշխարհային կառավարման վերաբերեալ հերթական զեկոյցը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական azadliq.info լրատուական գործակալութիւնը:
2017-ի վերաբերեալ կատարուած ուսումնասիրութիւններու բերումով կազմուած զեկոյցը կը գնահատէ երկիրներուն մէջ կաշառակերութեան դէմ տարուող պայքարը:
Երկիրներուն մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան մակարդակը գնահատուած է 1-100 բալի սահմաններուն մէջ:
Ազրպէյճանը 100 բալէն ստանալով 17.7 բալ՝ յայտնուած է կաշառակերութեան դէմ ամենաանարդիւնաւէտ պայքար մղող երկիրներու շարքին:






