Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Մինչեւ Տարեվերջ ՌԴ-ը Հայաստանին Կը Շարունակէ Կազ Մատակարարել 150 Տոլարով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ կառավարութեան հաստատումին ներկայացուած է 2018 թուականի Օգոստոս 8-ին ստորագրուած՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն բնական կազի առաքման ժամանակ գիներու ձեւաւորման կարգի վերաբերեալ 2013 թուականի Դեկտեմբեր 2-ի համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու առնչութեամբ արձանագրութիւնը հաստատելու մասին» ՀՀ նախագահի հրամանագիրի նախագիծը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, անիկա կը քննարկուի կառավարութեան Հոկտեմբեր 10-ի նիստին եւ ընդգրկուած է օրակարգային հարցերու շարքին:

Ըստ հիմնաւորումին՝ սոյն արձանագրութեամբ բնական կազի գինը Հայաստանի Հանրապետութեան համար 2018 թուականի Յունուար 1-էն մինչեւ 2018 թուականի Դեկտեմբեր 31-ը ներառեալ կը սահմանուի 150 ամ. տոլար՝ 1 հազար խոր. մեթրի համար:

«Սոյն արձանագրութեան ստորագրումը կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան, տնտեսական կապերու զարգացման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման, գործարար աշխուժութեան բարձրացման շարունակականութեան Առաջնորդուելով «Միջազգային պայմանագիրերու մասին» ՀՀ օրէնքի դրոյթներով՝ ՀՀ ուժաբանութեան ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը նպատակայարմար կը գտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն բնական կազի առաքման ժամանակ գիներու ձեւաւորման կարգի վերաբերեալ 2013 թուականի Դեկտեմբեր 2-ի համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին արձանագրութեան հաստատումը Հանրապետութեան նախագահին կողմէ»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին