Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Կառավարութեան Մէջ Կը Շարունակուին ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրի Կիրարկումը Ապահովող Միջոցառումները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի նախագահութեամբ կայացած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան առաջնայնութիւններ փաստաթուղթի կիրարկումը ապահովող միջոցառումները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նիստի ընթացքին քննարկուած են ճանապարհային քարտէսին մէջ ներառուելիք, համաձայնագիրի շարք մը գլուխներով նախատեսուած միջոցառումները: Օրակարգին մէջ ընդգրկուած հիմնական ոլորտներն էին՝ ուժաբանական համագործակցութիւնը, ներառեալ միջուկային անվտանգութիւնը, արդարադատութիւնը եւ համագործակցութիւնը վիճակագրութեան բնագաւառին մէջ:

Միջոցառումներու կատարման համար պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչները ամփոփ ներկայացուցած են իրենց գերատեսչութիւններու մշակած ճանապարհային քարտէսները եւ համակատարող մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած կատարուելիք միջոցառումները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին