Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի Վարչութիւնը Շնորհաւորեց Լիբանանի Հայոց Նորընտիր Առաջնորդը

Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2018ի յետմիջօրէին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ տ. Նարեկ արք. Ալեէմեզեանին:

Մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին, կողմերը քննարկեցին ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:

Ընկ. Գասարճեան, անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ հայկական հիւծող համայնքներուն, շեշտը դրաւ առաջնորդարանի դերին վրայ  լիբանանահայութեան թիւն ու որակը կայուն պահելու առաքելութեան մէջ: Ան կարեւորեց ընկերատնտեսական նախաձեռնութիւնները հայ երիտասարդը Լիբանան պահելու գործին մէջ, ուր կարեւոր է հայկական՝ եկեղեցական, քաղաքական թէ միութենական  հաստատութիւններու միակամ եւ տեսլապաշտ աշխատանքը, ըսաւ ան:

Սրբազան առաջնորդ հայրը կարեւորեց լիբանանահայ համայնքը եկեղեցիին շուրջ համախմբուած պահելու աշխատանքը: Զրուցակիցները երախտիքով արտայայտուեցան Հայ եկեղեցիին դերին մասին, որ Հայ դպրոցին ու թերթին կողքին կարեւորագոյն երաշխիքն է համայնքի մը գոյատեւման ու անոր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման:

ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի վարչութիւնը Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին անունով սրտագինս շնորհաւորեց տ. Նարեկ արք. Ալեէմեզեանին  Լիբանանի հայոց առաջնորդի կարեւոր եւ պատասխանատու պաշտօնին վրայ ընտրուելուն առիթով՝ սրբազան հօր մաղթելով ուժ, կորով եւ համբերութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին