«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ Դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու վերաբերեալ յայտարարութիւն ստորագրած են:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեան հաստատած է նման ստորագրահաւաքի վերաբերեալ տեղեկութիւնը` շեշտելով, որ ինք իմացած է նման նախաձեռնութեան մասին ու միացած։
Շիրակ Թորոսեան դժուարացաւ պատասխանելու հարցին, թէ ով նախաձեռնած է յայտարարութիւնը ու ստորագրահաւաքը:
Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեան նոյնպէս հաստատեց լուրը` նշելով, որ ինք ստորագրած է յայտարարութեան տակ եւ համաձայն է, որ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները տեղի ունենան Դեկտեմբերին:






