«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Երեքշաբթի պաշտօնապէս հրաւիրեց Յորդանանի թագաւորը ներկայ գտնուելու Լիբանանի մէջ կայանալիք տնտեսական գագաթնաժողովին: Հանդիպումը շօշափեց նաեւ սուրիացի գաղթականներուն հետ կապուած ճգնաժամը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն՝ Պասիլի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի հանդիպումէն ետք, երկու գործընկերներուն միացած են իրենց պատուիրակութիւնները: «Առեւտրական երկկողմ կապերը, գաղթականներու ճգնաժամը, UNRWA-ի ֆինանսաւորումը եւ Յորդանանի ու Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները գլխաւոր թեմաներն էին հանդիպումին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:






