«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եգիպտոսի Ազգային ընտրական յանձնաժողովը կ’աւարտի այս տարուան Մարտին նախագահի ընտրութիւններուն չքուէարկած ընտրողներու ցուցակներու պատրաստումը՝ գլխաւոր դատախազութեան յանձնելու համար:
Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «Ալ Ուաթան» թերթը: Հրատարակութեան տեղեկութեամբ՝ ցուցակներու յանձնումը դատախազութեան կ’իրականացուի 500 եգիպտական ֆունտի (ամերիկեան 28 տոլարի) չափով տուգանքի հետագայ բռնագանձման համար իւրաքանչիւր քաղաքացիէ, որ ընտրատեղամաս չէ եկած առանց յարգելի պատճառի:
«Ընտրական յանձնաժողովը պարտաւոր է կատարել օրէնքը, տուգանքը նորամուծութիւն չէ, անիկա կը վերաբերի բոլոր ընտրութիւններուն»,- «Ալ Ուաթան»-ին ըսած է ընտրական յանձնաժողովի ղեկավար Լաշին Իպրահիմը: Ընտրական յանձնաժողովի տուեալներով՝ ընտրութիւններուն չէ ներկայացած 34 միլիոն 823 հազար ընտրող ցուցակներու մէջ գրանցուած գրեթէ 60 միլիոնէն: Այսպիսով մասնակցութիւնը կազմած է 41 տոկոսէն քիչ մը աւելի, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:






