«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երեքշաբթի ընդգծեց, որ քաղաքական կարգ մը կուսակցութիւններ, մէկդի դնելով անձնական նեղ հաշիւները, ստեղծած են փոխզիջումի նպաստաւոր իրադրութիւն՝ ըստ ամենայնի սատարելով նոր կառավարութեան կազմաւորման ի կատար ածումին: Ան յստակօրէն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմաւորումը պիտի իրականանայ, երբ նախագահ Միշէլ Աուն վերադառնայ Հայաստան մօտալուտ այցելութենէն:
«Տնտեսական ներկայ իրավիճակը կը հարկադրէ բոլորը որոշ չափով զիջելու՝ ի շահ երկրին»,- ըսաւ Հարիրի Մուսթաքպալ խորհրդարանական պլոքի հետ հանդիպումէն առաջ:






