«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անթալիոյ մէջ կ’ընթանայ Եւրասիական պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներուն երրորդ միջազգային համաժողովը, որուն կը մասնակցի ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ համաժողովի ժամանակ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օգթայ Ասատովը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, խօսած տարածքներու «20 տոկոս գրաւումի, Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական սեպարատիզմի, Հայաստանի զաւթողական ըլլալու մասին»:
Ի պատասխան Էդուարդ Շարմազանովը ըսած է. «Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Արցախը խնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման կողմնակից են: Ազրպէյճանցի իմ գործընկերս խօսեցաւ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման մասին: Պարոն Ասատով, եթէ դուք իրապէս կ’ուզէք լուծել խնդիրը, ապա նախ եւ առաջ պէտք է ճանչնաք Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ամբողջական իւրացումը»:






