Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

ԱԺ Խումբ մը Պատգամաւորներ Ստորագրած են Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւնները Դեկտեմբերին Կայացնելու Յայտարարութեան Տակ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ Դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու վերաբերեալ յայտարարութիւն ստորագրած են:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեան հաստատած է նման ստորագրահաւաքի վերաբերեալ տեղեկութիւնը` շեշտելով, որ ինք իմացած է նման նախաձեռնութեան մասին ու միացած։

Շիրակ Թորոսեան դժուարացաւ պատասխանելու հարցին, թէ ով նախաձեռնած է յայտարարութիւնը ու ստորագրահաւաքը:

Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեան նոյնպէս հաստատեց լուրը` նշելով, որ ինք ստորագրած է յայտարարութեան տակ եւ համաձայն է, որ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները տեղի ունենան Դեկտեմբերին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին