Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Պասիլ Բանակցութիւններ Կը Վարէ Յորդանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հետ UNRWA-ի Ֆինանսաւորման Եւ Գաղթականներու Ճգնաժամին Շուրջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Երեքշաբթի պաշտօնապէս հրաւիրեց Յորդանանի թագաւորը ներկայ գտնուելու Լիբանանի մէջ կայանալիք տնտեսական գագաթնաժողովին: Հանդիպումը շօշափեց նաեւ սուրիացի գաղթականներուն հետ կապուած ճգնաժամը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն՝ Պասիլի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի հանդիպումէն ետք, երկու գործընկերներուն միացած են իրենց պատուիրակութիւնները: «Առեւտրական երկկողմ կապերը, գաղթականներու ճգնաժամը, UNRWA-ի ֆինանսաւորումը եւ Յորդանանի ու Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները գլխաւոր թեմաներն էին հանդիպումին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին