Իրաւամբ ազդեցիկ, տեղեկատուական եւ լաւապէս կառուցուած յօդուած մըն էր «Զարթօնք»ի 25 Սեպտեմբեր 2018ի թիւին մէջ Սեւակ Յակոբեանի «Վերամուտի Առիթով. Այդ Լուսատու Յարկը, Որուն Մէջ Հասակ Առինք Տարբեր Էր Ուրիշներէն» գրութիւնը:
Նախկին աշակերտէ մեծարանքի ջերմ խօսք ուղղուած կրթական հաստատութեան մը եւ անոր նուիրեալ ուսուցիչներուն: Պէտք չէ շատ հեռու երթալ հաստատելու համար պատուարժան տնօրէն՝ Երուանդ Պապայեանի գլխաւորած Վահան Թէքէեան վարժարանի խաղացած նշանակալի դերը սփիւռքի հայկական համայնքներուն մէջ ղեկավարներ պատրաստելու ուղղութեամբ: Նշեալ յօդուածի հեղինակը անոնցմէ մէկն է:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Նիւ Եորք