Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Միլիոնաւոր Եգիպտացիներու Տուգանք Կը Սպառնայ Ընտրութիւններուն Չներկայանալու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եգիպտոսի Ազգային ընտրական յանձնաժողովը կ’աւարտի այս տարուան Մարտին նախագահի ընտրութիւններուն չքուէարկած ընտրողներու ցուցակներու պատրաստումը՝ գլխաւոր դատախազութեան յանձնելու համար:

Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «Ալ Ուաթան» թերթը: Հրատարակութեան տեղեկութեամբ՝ ցուցակներու յանձնումը դատախազութեան կ’իրականացուի 500 եգիպտական ֆունտի (ամերիկեան 28 տոլարի) չափով տուգանքի հետագայ բռնագանձման համար իւրաքանչիւր քաղաքացիէ, որ ընտրատեղամաս չէ եկած առանց յարգելի պատճառի:

«Ընտրական յանձնաժողովը պարտաւոր է կատարել օրէնքը, տուգանքը նորամուծութիւն չէ, անիկա կը վերաբերի բոլոր ընտրութիւններուն»,- «Ալ Ուաթան»-ին ըսած է ընտրական յանձնաժողովի ղեկավար Լաշին Իպրահիմը: Ընտրական յանձնաժողովի տուեալներով՝ ընտրութիւններուն չէ ներկայացած 34 միլիոն 823 հազար ընտրող ցուցակներու մէջ գրանցուած գրեթէ 60 միլիոնէն: Այսպիսով մասնակցութիւնը կազմած է 41 տոկոսէն քիչ մը աւելի, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին