«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի նախագահութեամբ կայացած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան առաջնայնութիւններ փաստաթուղթի կիրարկումը ապահովող միջոցառումները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նիստի ընթացքին քննարկուած են ճանապարհային քարտէսին մէջ ներառուելիք, համաձայնագիրի շարք մը գլուխներով նախատեսուած միջոցառումները: Օրակարգին մէջ ընդգրկուած հիմնական ոլորտներն էին՝ ուժաբանական համագործակցութիւնը, ներառեալ միջուկային անվտանգութիւնը, արդարադատութիւնը եւ համագործակցութիւնը վիճակագրութեան բնագաւառին մէջ:
Միջոցառումներու կատարման համար պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչները ամփոփ ներկայացուցած են իրենց գերատեսչութիւններու մշակած ճանապարհային քարտէսները եւ համակատարող մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած կատարուելիք միջոցառումները:






