ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Քաղաքին կեդրոնը գտնուող «Արցախ» պողոտային բացումը կատարուեցաւ Երեքշաբթի օր, ներկայութեամբ մեծ թիւով հայրենակիցներու, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի անդամներու եւ Գալիֆորնիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Քաղաքի համայնքային յարաբերութեանց պատասխանատու Տէն Պէյի ողջոյնի խօսքէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ կէս դար առաջ հայեր եկան ու հաստատուեցան այս քաղաքը՝ նպաստելով անոր զարգացումին ու աճումին։ Ան յատկանշական համարեց «Արցախ» անունին տեղադրումը, որովհետեւ Արցախը հայութեան համար կը խորհրդանշէ անկախութիւն եւ ազատութիւն։ Ապա հրաւիրեց Կլենտէյլի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ տէր Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանը՝ օրհնութեան աղօթքով կատարելու բացումը թաղամասին։
Իսկ Գալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ վերջերս վերադարձած էր Արցախէն, կիսեց իր բացառիկ տպաւորութիւնները։
Խօսք առին նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեան, Փօլա Տիվայն, Վրէժ Աղաջանեան եւ Վարդան Կարապետեան։
Նշենք, թէ Արցախ փողոցը կը գտնուի Ուիլսըն եւ Հարվըրտ փողոցներուն միջեւ. նախկին Մէրիլենտ փողոցին մէկ հատուածն է։