«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով Հոկտեմբեր 8-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Անթալիա՝ մասնակցելու Եւրասիական պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներուն երրորդ միջազգային համաժողովին:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը ելոյթ կ’ունենայ համաժողովին, ինչպէս նաեւ աշխատանքային հանդիպումներ շարք մը պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներուն հետ:






