«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի Կապալ քաղաքի կեդրոնը գտնուող մասնաւոր տուներէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկուած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հրդեհուած տունը վարձակալուած եղած է մի քանի արաբ զբօսաշրջիկներու կողմէ:
Հրդեհի հետեւանքով արաբ զբօսաշրջիկներէն մէկը մահացած է, երկուքը՝ ստացած են տարբեր աստիճանի այրուածքներ:
Հրդեհը մարելու համար դէպքի վայր ժամանած են քաղաքի արտակարգ իրավիճակներու կայանի աշխատակիցները:






