Ուրբաթ, 06. 03. 2026

spot_img

ֆրանսական RFI Ձայնասփիւռի Կայանը Քանի Մը Օր Հայերէն Պիտի Խօսի

«ԶԱՐԹՕՆՔ»ՊԷՅՐՈՒԹ – «RFI-ը կը խօսի հայերէն»․ Հոկտեմբեր 7-12 Հայաստանի մէջ իրականացուող Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ ֆրանսական RFI ձայնասփիւռի կայանը մինչեւ գագաթնաժողովի աւարտը կը խօսի հայերէն։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։

Հայերէն հաղորդումը կը հեռարձակուի 19․10-ին ու 22․10-ին՝ 15 վայրկեանով, 102․4 յաճախականութեամբ։ Հաղորդման հեղինակն ու վարողն է RFI-ի հայ լրագրող Ելենա Գաբրիէլեան։

Հայերէն հաղորդման ընթացքին Ելենա Գաբրիէլեան կը ներկայացնէ Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին վերաբերեալ տեղեկութիւններ, թէ ինչպէս ֆրանսերէն լեզուն, մշակոյթը կրնան փոխել կեանքը։

Նշենք, որ RFI ձայնասփիւռի կայանը Երեւանի մէջ կը հեռարձակուի 102.4 FM յաճախականութեամբ 1995-էն ի վեր՝ ֆրանսերէն ու ռուսերէն լեզուներով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին