Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը 2012 թուականէն հայրենիքի մէջ ձեռնամուխ եղած է լիբանանահայ նշանաւոր արձակագիր, քննադատ եւ հրապարակախօս, «Սփիւռք»-ի նոյնքան նշանաւոր խմբագիր Գէորգ Աճեմեանի հայագիր ամբողջական ժառանգութեան լոյսընծայումին: Առաջին երեք հատորներուն մէջ ի մի բերուած են իր հետագիծ ձգած լաւագոյն արձակ գործերը՝ պատմուածքներ, վիպակներ եւ վէպեր, ինչպէս՝ «Անկարելի պատմութիւն», «Օրերէն ետք», «Անապահովութեան փողոցներ», «Պիտի չարչարեմ բառերը» պատմուածքներու ժողովածուները, «Ակամայ ծաղրածուն եւ այլ դերասաններ», «Անորոշութեամբ եւ մասամբ նորին», «Սիրային մեղեդիներ», «Ապագայի հետքերով» վիպակները, ինչպէս նաեւ երկու նշանակալից վէպերը՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւններու բազմածալ քննութեամբ բացուած «Յարդգողի ժառանգորդները» եւ ստալինեան հալածանքներուն դէմ սփիւռքահայի ընդվզումը բարձր շունչով մարմնաւորած «Յաւերժական ճանապարհ»-ը, ուր Գ. Աճեմեանը կու տայ «Սիպիրի սառերուն մէջ» մարդու եւ մարդկայինի արժէքներու պաշտպանութիւնը՝ գեղարուեստական, կարելի է ըսել, մահարիական զօրութեամբ։
Բոլորովին վերջերս լոյս տեսան հեղինակի չորրորդ եւ հինգերորդ հատորները՝ համապատասխանաբար «Քննադատական երկեր» եւ «Հրապարակագրական երկեր» խորագիրերով՝ Սուրէն Դանիէլեանի եւ Քնարիկ Աբրահամեանի յառաջաբանով ու խմբագրութեամբ:
Լիբանանահայ գրագէտի տեսաբանական եզրայանգումները, գրականագիտական վերլուծումներն ու գրախօսականները այսօր շատ ու շատ հարցադրումներու մէջ կրնան կողմնորոշիչ ըլլալ հայրենի եւ սփիւռքահայ գրականագէտներու համար. տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ կը շարունակեն պահել իրենց արդիականութեան դրոշմը:
Իսկ քաղաքական դատողութիւններն ու վերլուծումները կու գան ամբողջացնելու քաղաքագէտ Աճեմեանի նուրբ դիտողականութիւնն ու ազգային խնդիրներու նկատմամբ մտաւորականի խոր պատասխանատուութիւնը:
Չորրորդ հատորին մէջ տեղ գտած են առանձին գիրքերով հրատարակուած ուսումնասիրութիւնները՝ «Տեսական-քննադատական փորձեր»-ի Ա. եւ Բ. հատորները, ապա մամուլէն հանուած գործերը, որոնք, հաւատարիմ հեղինակային նախընտրութեան, բաժնուած են հետեւեալ խորագիրերուն՝ «Գրադատութիւն», «Հարցազրոյցներ» եւ «Նամակատուփ»:
Նոյն ելագիծով կազմուած է նաեւ հինգերորդ հատորը: Նախ տեղ գտած են գիրքերը՝ «Միակ լուծումը», «Պիտի յիշե՞նք երբեւիցէ Արեւմտեան Հայաստանը», «Քաղաքական իրապաշտութի՞ւն, թէ անձնատուութեան պատրաստակամութիւն», ապա մամուլէն հանուած յօդուածները, որոնք զետեղուած են «Հրապարակագրութիւն» ընդհանուր խորագիրին տակ: Այստեղ առանձնացուած է «Սփիւռք» պարբերականի մէջ լոյս տեսած «Խօսք ճանապարհի» չարենցեան շունչով խորագրուած շարքը, որ առանձին հրատարակութեամբ լոյս տեսած է Երեւանի մէջ 1999-ին, հեղինակի մահէն ետք: Այդ գիրքին կազմողները առանձին պարագաներու, թերեւս մեկնելով գրութեան բովանդակութենէն, խորագիրեր դրած են որոշ նիւթերու: Բացի այդ՝ նոյն՝ «Խօսք ճանապարհի» խորագիրին տակ են հաւաքած նաեւ բնաբանական ընդհանրութիւն կազմող այլ գրութիւններ եւս: Այս գիրքին մէջ, սակայն, նախապատուութիւնը տրուած է թերթօնային տարբերակին:
Հատորներուն կցուած են նաեւ անուանացանկեր, իսկ խմբագրական ծանօթագրութիւնները բերուած են տողատակերուն մէջ:
Կազմողները իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն գրողի կնոջ՝ Վերա Աճեմեանին, Սիմոն Սիմոնեանի որդիին՝ Սասուն Սիմոնեանին, գրագէտ Գէորգ Եազըճեանին նիւթերու ամբողջացման ճանապարհին ցուցաբերած անգնահատելի օժանդակութեան համար:
«Սփիւռք» գիտաուսումնական
կեդրոնի լրատուութիւն
Աեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից