Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Մարսէյլի Եւ Իսի Լէ Մուլինոյի Համերգասրահները Պիտի Կրեն «Ազնաւուր» Անունը

ԷԼԼԱԴԱ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ֆրանսայի Մարսէյլ եւ Իսի Լէ Մուլինօ քաղաքներուն մէջ Շառլ Ազնաւուրի անունով համերգասրահներ անուանակոչուած են:

Փարիզին յարակից հայաշատ Իսի Լէ Մուլինոն Էջմիածնի քոյր քաղաք է:

Հանրայայտ երգիչին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու համար քաղաքային իշխանութիւնները միաձայն որոշած են Իսի Լէ Մուլինոյի «Palais de Congrès» համերգասրահը Շառլ Ազնաւուրի անունով վերանուանել:

Միտքը փոխքաղաքապետ Արթուր Խանճեանինն է, որ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ նշած է, թէ բոլորովին դժուար չէ եղած քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին համոզել, քանի որ քաղաքապետը Ազնաւուրի հետ լաւ եւ ընկերական յարաբերութիւններ ունէր:

Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտան յայտնած է, որ քաղաքի «Սիլօ» համերգասրահը այսուհետեւ Շառլ Ազնաւուրի անունը պիտի կրէ: Նման առաջարկով հանդէս եկած էր փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանը:

«Մեր քաղաքի խորհրդանշական վայրերէն մէկը այսուհետեւ Շառլ Ազնաւուրի անունը պիտի կրէ: Հանրայայտ երգիչը կը սիրէր այցելել Մարսէյլ եւ սա պիտի ըլլայ անոր` իր սիրելի քաղաքին կողմէի յարգանքի տուրք: Սա նաեւ մեր քաղաքի հիւրընկալութեան վկայութիւնն է, որ արուեստագէտը այդքան կը գնահատէր: Մեր քաղաքը բաց է բոլորին առջեւ, անիկա Միջերկրական ծովու «դուռն» է, ուր իւրաքանչիւր համայնք, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքը` հարուստ պատմութեամբ, մշակոյթով եւ ուժականութեամբ, իր տեղը կը գտնէ», – նշած է քաղաքապետը իր յայտարարութեան մէջ:

«Մետիամասք»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին