«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ Կազիայնթափ նահանգին մէջ զանգուածային թունաւորման դէպք տեղի ունեցած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Տեղեկութեան համաձայն՝ թունաւորման պատճառ հանդիսացած է նահանգի մարզահամալիրներէն մէկուն լողաւազանին մէջ առկայ քլորը:
Ընդհանուր առմամբ թունաւորուած է 32 մարդ, որոնցմէ 6-ի վիճակը ծանր է: