«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մինչ Լիբանանի Համախառն Ներքին Արդիւնքի GDP աճին տոկոսային նուազումին շուրջ յայտարարութիւնները աւելի եւս կը շատնան, որուն մասին նախատեսումները 2.5 առ հարիւրէն նուազած է 1.4 առ հարիւրի ըստ դրամատնային աղբիւրներու, որոնք այս երեւոյթը կը կապեն կառավարութեան կազմութեան ուշացումին, Կիրակի օր Զարգացում եւ ազատագրում պլոքի (որ այս թղթածրարին կարեւոր խաղացող խումբերէն մէկն է) երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ Մարժաայուն եւ Հասպայյա կատարած այցելութեան ընթացքին ըսաւ, որ կառավարութեան մօտալուտ կազմաւորման շուրջ լաւատեսութիւնը վերացած է, որովհետեւ քաղաքական շարք մը կուսակցութիւններ չեն ցանկար դիմել փոխզիջումի: Այս մասին կը հաղորդէ Ազգային լրատուական գործակալութիւնը: Նշենք, որ մի քանի օր առաջ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի «MTV» տեղական հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին յոյս յայտնած էր, որ կառավարութեան կազմաւորումը կարելի պիտի ըլլայ ի կատար ածել 7-10 օրուան ընթացքին, մինչ Ազգային Ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլ հակասական յայտարարութեամբ մը ճիշդ հակառակը յայտնած էր:






