ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Յուղարկաւորութեան տխուր պարտականութիւնը կը կատարենք անդենական մեկնող Նուպար Խանամիրեանին։ Անձ մը‚ որ բարի անուն ու բարի գործեր կը ձգէ իր ետին։
Պատկերազարդ Հայոց պատմութեան խտացումը հանդիսացող իր կեանքին վերելքը Ս. Նշան ազգային վարժարանի նստարաններէն սկսած‚ իւրացուցած իր մայրենին‚ զոր դրսեւորեց լիբանանահայ գրեթէ բոլոր հայատառ մամուլի բաժանորդագրութեամբ եւ օրական ընթերցումով։
Կանուխ տարիքէն միացած հօրը‚ մասնագիտացած էր կառավարական պաշտօնական թէ զինուորական հանդերձանքի պատրաստութեան եւ առեւտուրին։ Տասնամեակներու երկայնքին վայելեց պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու վստահութիւնը՝ Խանամիրեան անունը վերածելով որակի չափանիշի։
Պատերազմի նախօրեակին‚ իր հարազատներուն հետ հիմնարկեց միջին արեւելքի մեծագոյնը նկատուող հանդերձանքի գործարանը‚ որ, աւաղ, շատ կարճ ատեն մը ետք պիտի փճանար։ Առանց յուսահատելու՝ բարեկամներու գործակցութեամբ‚ վերստին հիմնեց իր առեւտրական նոր հաստատութիւնը։
Եւ Նուպար Խանամիրեանը յաչս պետական հաստատութիւններու դարձաւ վստահելի հայթայթիչ։
Ունեցաւ ընտանեկան երջանիկ իր բոյնը եւ բախտաւորուեցաւ 3 զաւակներով ու 4 թոռներով։
Նուպար Խանամիրեանը կը խրտչէր պաշտօններէ ու տիտղոսներէ։ Միայն կարճ ժամանակ մը ընդառաջեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետութեան։ Մնաց լուսարձակներէ հեռու‚ եւ սակայն բացաւ սիրտն ու գրպանը բոլորին՝ առանց խտրութիւն դնելու իրեն դիմողներուն։ Գրասենեակի դուռը բաց էր բոլորին առջեւ։ Իր օրը առանց այցելուի մը չէր անցներ։ Մասնաւորաբար հաւատաց երիտասարդներուն եւ լռելեայն օգնեց ուսանողներուն‚ անգործներուն‚ անկարներուն եւ որբերուն։
Իր բարեմասնութիւններէն ամէնէն յատկանշականը իր ազնիւ ու վեհանձն նկարագիրն էր։ Բոլորին բարիքը մտածող ու ցանկացող ժպտուն դիմագիծին ետեւ կը բաբախէր մեծ սիրտ մը։ Սիրտ մը‚ որ խտացած էր բարութեամբ‚ բարեգործութեան տենչով ու ազնիւ զգացումներով։
Նուպար Խանամիրեանի անունը զինք ճանչցողներուն համար պիտի մնայ խորհրդանիշ բարութեան‚ համեստութեան ու ազնուութեան.
Իսկ յիշատակն ալ անթառամ։






