Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Կրակոցներ Երեւանի Մէջ. Սպաննուած Է ԱԺ Նախկին Պատգամաւորը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հոկտեմբեր 6-ին՝ ժամը 22:40-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Կեդրոնականի բաժինը ահազանգ ստացած է, որ Նորք Մարաշի Արմենակեան փողոցի վրայ գտնուող հացատուներէն մէկուն մէջ կրակոցներ արձակուած են։ Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ոստիկանութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վայրկեաններ անց ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին ահազանգեր հնչած են Երեւանի տարբեր բժշկական կեդրոններէն։ Կը յայտնէին, որ իրենց մօտ բժշկական օգնութեան տեղափոխուած է հրազէնային վիրաւորումով երկու տղամարդ։ Հիւանդանոց տեղափոխուածներէն մէկը` Կարօ Կարապետեանը, մահացած է։ 

Ոստիկանութենէն նաեւ կը յայտնեն, որ դէպի վայրը պարկուճներ եւ ատրճանակ յայտնաբերուած են։ Ձեռնարկուած ռազմա-հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու շնորհիւ պարզուած է յանցագործութիւնը կատարած կասկածեալի ինքնութիւնը։

Առայժմ կը ձեռնարկուին միջոցառումներու զինքը գտնելու ուղղութեամբ։

Լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւններ տարածուած են, որ կրակոցներու հետեւանքով սպաննուածը ԱԺ նախկին պատգամաւոր, ԲՀԿ անդամ Կարօ Կարապետեանն է: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին