«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Երկրաշարժի պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցը Հոկտեմբեր 7-ին գրանցած է 5.9 աստիճանի երկրաշարժ Հայիթիի մէջ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ստորգետնեայ ցնցումի ուժգնութիւնը կազմած է 8 բալ:
Ըստ «France-Presse» լրատուական գործակալութեան՝ երկրաշարժի հետեւանքով կայ 11 զոհ: