«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հոկտեմբեր 6-ին՝ ժամը 22:40-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Կեդրոնականի բաժինը ահազանգ ստացած է, որ Նորք Մարաշի Արմենակեան փողոցի վրայ գտնուող հացատուներէն մէկուն մէջ կրակոցներ արձակուած են։ Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ոստիկանութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վայրկեաններ անց ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին ահազանգեր հնչած են Երեւանի տարբեր բժշկական կեդրոններէն։ Կը յայտնէին, որ իրենց մօտ բժշկական օգնութեան տեղափոխուած է հրազէնային վիրաւորումով երկու տղամարդ։ Հիւանդանոց տեղափոխուածներէն մէկը` Կարօ Կարապետեանը, մահացած է։
Ոստիկանութենէն նաեւ կը յայտնեն, որ դէպի վայրը պարկուճներ եւ ատրճանակ յայտնաբերուած են։ Ձեռնարկուած ռազմա-հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու շնորհիւ պարզուած է յանցագործութիւնը կատարած կասկածեալի ինքնութիւնը։
Առայժմ կը ձեռնարկուին միջոցառումներու զինքը գտնելու ուղղութեամբ։
Լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւններ տարածուած են, որ կրակոցներու հետեւանքով սպաննուածը ԱԺ նախկին պատգամաւոր, ԲՀԿ անդամ Կարօ Կարապետեանն է:






