Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Երեւանի Մէջ Մեկնարկեցին Ֆրանքոֆոնիայի Միջոցառումները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 7-ին մեկնարկեցին Ֆրանքոֆոնիայի միջոցառումները, որոնց աշխատանքներուն սկիզբը ազդարարուեցաւ Մշտական խորհուրդի նիստին՝ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար- ՖՄԽ-ի նախագահի կողմէ:

«Նախապատրաստական աշխատանքներ կ’ընթանան այսօր: Որոշումներու կայացման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը նախ կը հաստատուին անդամ երկիրներու դեսպաններուն կողմէ, այնուհետեւ կը ներկայացուին նախարարներուն եւ նախագահներուն։ Այստեղ թէ՛ լիիրաւ, թէ՛ ոչ լիիրաւ, թէ դիտորդ բոլոր անդամ երկիրներու դեսպաններն են: Մենք փաստաթուղթերու պատրաստութեան մէջ անձամբ ներգրաւուած ենք: Որոշումները կը կայացուին անդամ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու կողմէ: Ինչեւէ, ի հարկէ, հսկայական պատասխանատուութիւն է»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ նշեց ՖՄԿ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանը:

Իր խօսքով՝ Ֆրանքոֆոնիայի յաջորդ գագաթնաժողովը տեղի կ’ունենայ Թունիսի մէջ:

«18-րդ գագաթնաժողովը տեղի կ’ունենայ Թունիսի մէջ: Անիկա կ’ըլլայ նոյնքան կարեւոր գագաթնաժողով, քանի որ կը համընկնի կազմակերպութեան 50-րդ յոբելեանին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Թունիսը կազմակերպութեան հիմնադիր երկիր է»,- նշեց դեսպանը:

Մշտական խորհուրդի նիստին նախատեսուած էր Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի ելոյթը Ֆրանքոֆոնիայի տնտեսական, դիւանագիտական եւ քաղաքական գործունէութեան վերաբերեալ: Մշտական խորհուրդը քննարկեց Ֆրանքոֆոնիայի նախարարական 35-րդ համաժողովի եւ 17-րդ գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները: Բոլոր քննարկումները տեղի ունեցան փակ ռեժիմով:

Հոկտեմբեր 8-9 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 35-րդ նախարարական համաժողովը: Հոկտեմբեր 9-ին Ազատութեան հրապարակին մէջ նախատեսուած է Ֆրանքոֆոնիայի աւանի պաշտօնական բացումը: Ֆրանքոֆոնիայի աւանին մէջ գագաթնաժողովի մասնակից երկիրները, Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գործընկերներն ու գործակալութիւնները հնարաւորութիւն կ’ունենան ցուցադրելու իրենց երկիրներուն մշակութային եւ լեզուական ողջ բազմազանութիւնը: Կը ներկայացուին արհեստագործական իրեր, մասնակից պետութիւններու զբօսաշրջային հնարաւորութիւններ, արուեստի, մշակոյթի գործեր, ինչպէս նաեւ ազգային խոհանոցը: Բացումին նախատեսուած են ելոյթներ, երաժշտական կատարումներ, այց Ֆրանքոֆոնիայի աւանի տաղաւարները:

Ֆրանքոֆօն մամուլի միջազգային միութեան (ՖՄՄ) 47-րդ նստաշրջանը տեղի կ’ունենայ 2018-ի Հոկտեմբեր 9-12 Ծաղկաձորի մէջ։ Այս նստաշրջանի քննարկումներուն համար ՖՄՄ-ը ընտրած է «Լրատուամիջոցները եւ արտագաղթը» թեման։ Այս շատ արդիական թեման հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու տեղեկութեան մշակման ձեւերը եւ լրատուամիջոցներու դերը իրենց երկիրներէն ներս հասարակական կարծիքներու ձեւաւորման գործին մէջ։

Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս առաջին անգամ Հոկտեմբեր 10-ին «Թումօ» կեդրոնին մէջ պիտի կազմակերպուի տնտեսական ժողով` ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի բարձր հովանիին ներքոյ:

Հոկտեմբեր 11-ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ժամը 19:30-ին տեղի կ’ունենայ կալա-համերգ, որուն եզրափակիչ հատուածը նուիրուած պիտի ըլլայ աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրին: Համերգի միւս մասով ելոյթ կ’ունենան աշխարհահռակ երգիչներ՝ Անժելիք Քիժօն, Մելոտի Կարտօն, Զազը: 

Հոկտեմբեր 11-12 տեղի կ’ունենայ Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովը, որ կը մեկնարկէ բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ: Գագաթնաժողովի օրակարգին վրայ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի ընտրութեան հարցն է:

 Գագաթնաժողովի թեման է «Ապրիլ միասին` յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանքոֆօն տարածաշրջանին մէջ»: Համընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած այս թեման հնարաւորութիւն կու տայ արտացոլելու Ֆրանքոֆոնիայի մէջ խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնը եւ զարգացումը։ Որպէս Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովի տարբերանշան ընտրուած է նուռը՝ ի նշան ֆրանքոֆոնիայի ողջ տարածքի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին