Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի արցախի Աշխատակից

Արցախի Մէջ Սգացին Շառլ Ազնաւուրի Կորուստը

Մեծ շանսոնիէի մահուան բօթը Արցախի մէջ կսկիծով ընդունեցին: Շառլ Ազնաւուրի անունը կրող Ստեփանակերտի մշակոյթի կեդրոնի հրապարակը՝ Ֆրանսական պուրակը, որ ֆրանսական մշակոյթն ու ոգին կը խորհրդանշէ, մարդաշատ էր մինչեւ ուշ գիշեր: Ազնաւուրի անմահ երգերուն ուղեկցութեամբ՝ ժամեր շարունակ չէ դադրած մարդոց հոսքը: Մոմերն ու ծաղիկները յաւերժի ճամբան բռնած մեծ հայու յիշատակին են:

Շառլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ Արցախի նախագահը ցաւակցական հեռագիր յղած է անոր ընտանիքին: «Աշխարհահռչակ շանսոնիէի մահը մեծ կորուստ է մեր ժողովուրդին համար: Իր անմահ արուեստին միջոցով Ազնաւուրը աշխարհին կը ներկայացնէր Հայաստանն ու համայն հայութեան: Օրհասական պահերուն ան միշտ հարազատ ժողովուրդին կողքին էր, կ’ընէր կարելին համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ իր անգնահատելի աւանդը բերելու ուղղութեամբ: Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով խորին ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն կը յայտնեմ հանգուցեալի հարազատներուն եւ մերձաւորներուն, մեր ողջ ժողովուրդին, իր անզուգական արուեստի բոլոր երկրպագուներուն»,- մասնաւորապէս ըսուած է Արցախի նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:

Հակառակ հեռաւորութեան ու պատկառելի տարիքին՝ մեծ շանսոնիէն եղած է նաեւ հայրենիքի արցախեան հատուածին մէջ: 2009-ի Մայիսը լաւ կը յիշեն Ազնաւուրի արուեստի արցախցի սիրահարները: Ազնաւուրը եկաւ, մոմ վառեց Գանձասարի մէջ, Ստեփանակերտի մէջ ալ շփուեցաւ իր հազարաւոր երկրպագուներուն հետ: Եւ գնաց: Պարզուեցաւ՝ անվերադարձ:

Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստի կարգ կատարուած է: Փոքրիկ եկեղեցին անկարող էր Ազնաւուրի բոլոր երկրպագուները տեղաւորել: Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան  հարցերու  եւ  զբօսաշրջութեան  փոխնախարար Գայանէ Գրիգորեանը համոզուած է, որ  համաշխարհային մշակոյթի հանճար եւ համամարդկային  բարձր արժէքներ կրող Շառլ Ազնաւուրը բոլորին կողմէ  յարգուած կը մնայ դարեր շարունակ:

«2009  թուականին, երբ Շառլ Ազնաւուրը այցելած է Արցախ,  ես բախտ ունեցած եմ տեսնելու եւ լսելու իրեն: Ան իմ յուշերուս մէջ պիտի մնայ հայու ամենավառ անհատականութիւնը: Ան իր մարդկային նկարագիրով, հարուստ ժառանգութեամբ նուաճած է շատ ու շատ ժողովուրդներու սէրն ու համակրանքը»,- նշած է Գ. Գրիգորեանը:

Երեկոյեան կրկին մարդաշատ էր Ստեփանակերտի Ֆրանսական պուրակը, ծաղիկներով պատուած ու մոմերով լուսաւորուած՝ մեծ հայու մեծադիր նկարը: Հոգեհանգստեան  կարգէն ետք միջոցառումի մասնակիցները քայլերթով հասած են մինչեւ Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան  մշակոյթի կեդրոնի տարածքին գտնուող ֆրանսական   պուրակին մէջ տեղադրած «Յաւերժութիւն» քանդակի մօտ:

Յիշատակի միջոցառումներ միայն Ստեփանակերտի մէջ չէ որ տեղի կ’ունենան: Արցախի բոլոր բնակավայրերուն մէջ յիշած ու յարգած են մեծ հայու, մեծ երգիչի, մեծ մարդու յիշատակը:

Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան օրը Արցախի մէջ սուգ յայտարարուած է: 

Արցախի Մէջ Նոր Ու Ժամանակակից Երկու Դպրոց Աւելցաւ

Ուսումնական հերթական տարուան մեկնարկը Արցախի մէջ առաձնացաւ հերթական նոր դպրոցներու շինարարութիւնը աւարտելով: Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը իւրօրինակ մրցանիշ ապահովեց: Մէկ շաբթուան ընթացքին միանգամայն երկու դպրոցի մէջ տօն եղաւ:

Ազոխցիներու 30 տարուան երազը կատարուեցաւ

1934-ին կառուցուած դպրոցի փոխարէն Ազոխի մէջ նոր դպրոց սկսան կառուցել 1987-ին: Կիսատ մնաց: Պետական միջոցներով շինարարութիւնը սկսաւ 2012-ին: Ծրագիրին 600 միլիոն դրամ յատկացուած է: 2018-ին շէնքը պատրաստ է, ազոխցիներու 30 տարի տեւած սպասումը՝ արդարացուած: «Համեմատութեան եզրեր չկան հին շէնքի ու նոր շէնքի միջեւ: Սա ուրիշ է արդէն: Այս եռայարկը ուղղակի հրաշք է իր բոլոր յարմարութիւններով՝ ինչպէս ճարտարապետական, այնպէս ալ մանկավարժական առումով: Կը համապատասխանէ բոլոր չափանիշներուն»,- յուզումը չի թաքցներ Ազոխի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Իլիաս Պօղոսեանը: Ստեղծուած պայմաններուն Արցախի նախագահը անձամբ ծանօթացած է, մանրամասն տեղեկացած: Լուսաւոր դասասենեակներ, առանձին սենեակներ՝ կեդրոնացուած ջեռուցումի համակարգով: Ազոխի միջնակարգ դպրոցին մէջ մասնագէտներու պակաս չունին: «Մեր աշխատանոցը կահաւորուած է, ունինք անհրաժեշտ սարքաւորումները, ինչպէս նաեւ կենսաբանական համապատասխան նիւթերը՝ դասը աւելի մատչելի դարձնելու համար»,- թէ՛ կը պատմէ, թէ ցոյց կու տայ Ազոխի միջնակարգ դպրոցի քիմիագիտութեան ուսուցիչ Կարինէ Պետրոսեանը:

Կրթօճախի նոր շէնքը ամենաշատը դպրոցականները ուրախացուցած է: Անոնցմէ շատերը ուսումը սկսած են  դպրոցի հին շէնքէն: Դպրոցի բարերար-բարեկամներու աջակցութեամբ՝ այսուհետեւ բոլորը աշակերտական միանման համազգեստով կ’ըլլան: Նուէրները ընդունած են շնորհակալութեամբ, կը բարեմաղթեն՝ մեծավարի: «Երանի գայ այնպիսի ժամանակ, երբ այս դպրոցին մէջ երեխաները այնքան շատ ըլլան, որ նոր դպրոցի պահանջարկ ըլլայ»,- Ազոխի միջնակարգ դպրոցի աշակերտուհի Հերմինէ Արզումանեանի մաղթանքն է:

240 հոգիի համար նախատեսուած դպրոցը այսօր 140 աշակերտ ունի: Այնպէս որ, նոր շէնքի կարիք դեռ չունին: Ունին մարզադահլիճի կարիք, որուն շինարարութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է:

Նուէր՝ Ովկիանոսի Միւս Ափէն

Արցախի կառավարութեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համաֆինանսաւորմամբ՝ Ստեփանակերտի Յովհաննէս Թումանեանի անուան կրթօճախը հիմնովին վերանորոգուած է: Սպասուած իրադարձութեան առթիւ աշակերտները եւ ուսուցիչները շնորհաւորած են Արցախի նախագահն ու հիմնադրամի պատասխանատուները:

Շինարարութեան համար անհրաժեշտ միջոցները տրամադրած է «Թրփանճեան ընտանիք» կրթական հիմնադրամը:  «Ինծի համար շատ մեծ պատիւ է կտրել իմ հարազատ կրթօճախի բացումը խորհրդանշող կարմիր ժապաւէնը: Ես կ’ուզեմ իմ շնորհակալութիւնս յայտնել Հայաստան հիմնադրամին եւ Ճերալտ Թրփանճեանին»,- դպրոցի բացումը ազդարարող խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը կտրելէ ետք շնորհակալութեան խօսքերը կը փոխանցէ Ստեփանակերտի համար 9 հիմնական դպրոցի աշակերտ Շուշաննա Բալայեանը: «Հայաստան» հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու մարմինի պատասխանատու Մարիա Մեհրանեանը յանձն առած է երախտիքի խօսքերու հետ մէկտեղ Ճերալտ Թրփանճեանին փոխանցել նաեւ դպրոցի մանրակերտը: «Ու ես պէտք է իրեն պատմեմ, թէ իր կատարած աշխատանքը ի՛նչ մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ մեր սերունդներու կրթութեան հարցին մէջ»,- խոստացած է «Հայաստան հիմնադրամ» կազմակերպութեան ԱՄՆ ատենապետ Մարիա Մեհրանեանը:

Հայկակ Արշամեանը «Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէնի պաշտօնով առաջին անգամ Արցախ կը գտնուի: Աշակերտներուն մաղթած է լաւ սորվիլ եւ սեփական գիտելիքներով օգտակար ըլլալ հայրենիքին: «Պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք կրթական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ բովանդակութեան: Մեծապէս կը կարեւորեմ այս հրաշալի դպրոցի շինարարութիւնը»,- օրուան խորհուրդը ընդգծած է Հայկակ Արշամեանը:

Շահագործման յանձնուելէ 44 տարի անց Ստեփանակերտի համար 9 դպրոցը ամբողջովին նոր տեսքով կը ներկայանայ: Երկրաշարժի դիմաց կայունութեան աստիճանը բարձրացուած է, հիմքէն մինչեւ տանիք ամբողջովին վերանորոգուած, նոր դասասենեակներով, աշխատանոցներով համալրուած: «Սա մեր աշակերտական, ծնողական, ուսուցչական միահամուռ երազանքը եղած է՝ սորվիլ բարեկարգ դպրոցի մէջ: Եւ այսօր մեր երազանքը իրականութիւն դարձած է: Այս շէնքը  կը պարտաւորեցնէ ուսման բնագաւառի մէջ աւելի մեծ յաջողութիւններու հասնիլ»,- բոլորէն լաւ, նոյն ինքն Ստեփանակերտի համար 9 հիմնական դպրոցի տնօրէն Արթուր Անտոնեանը գիտէ ստացած նուէրին արժէքը: Վերանորոգումը հին շէնքին մէջ նաեւ նոր հնարաւորութիւններ աւելցուցած է. դպրոցը աստղադիտարան ունի, որմէ, աշակերտներէն բացի,  պիտի օգտուին զբօսաշրջիկները: «Կը կարծեմ, սա որոշակի աշխուժութիւն կ’ապահովէ ոչ միայն դպրոցին, այլեւ մայրաքաղաքի այս հատուածին մէջ: Անիկա բաց պիտի ըլլայ ոչ միայն աշակերտներու, այլեւ զբօսաշրջիկներու եւ բոլոր ցանկացողներուն առջեւ»,- համոզուած է Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանը:

Տարիներ ետք դպրոցի վերաբացման օրը պիտի յիշեցնեն նորատունկ եղեւնիները, որոնք, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան խորհուրդին համահունչ, դպրոցի բակին մէջ տնկած են աշակերտները, Արցախի նախագահը, Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հիւրերը եւ Հայաստան հիմնադրամի ներկայացուցիչները:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին