«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Սեպտեմբեր 30-էն Հոկտեմբեր 6 ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 150 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1000 կրակոց:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը խստօրէն կը հետեւին հրադադարի պահպանման ռեժիմին եւ կը շարունակեն ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլերու մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար:






