«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Ֆրանսացիներու մեծամասնութիւնը Ֆրանսուա Միթերանը լաւագոյն նախագահը կը համարէ վերջին 40 տարուան ընթացքին, երկրի գործող նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը յայտնուած է վարկանիշի նախավերջին տեղը: Այդ մասին կը վկայեն այն հարցումի արդիւնքները, որ «Odoxa» կեդրոնի կողմէ կայացած է «Figaro» թերթին համար, փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը:
Հետազօտութեան տուեալներուն համաձայն՝ ֆրանսացիներու 31 տոկոսը Ֆրանսուա Միթերանը համարած է պետութեան լաւագոյն ղեկավարը վերջին 40 տարուան ընթացքին: Առաջին եռեակին մէջ նաեւ տեղ գտած են Ժագ Շիրաքը (26 տոկոս) եւ Նիքոլա Սարքոզին (14 տոկոս):
Ֆրանսայի գործող նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը հաւաքած է ձայներու միայն 10 տոկոսը: Վերջին հորիզոնականին յայտնուած է իր նախորդը՝ Ֆրանսուա Օլանտը (4 տոկոս): Հարցումի մասնակիցներուն եւս 2 տոկոսը հրաժարած է պատասխանել հարցին:
Հարցումը կայացած է հինգերորդ Հանրապետութեան 60-ամեակին կապակցութեամբ: Անիկա կատարուած է Հոկտեմբեր 2-ին եւ 3-ին, անոր մասնակցած է 996 մարդ, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:






