«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի կոչ ըրաւ բոլոր քաղաքական ղեկավարներուն դիմելու փոխզիջումի՝ յոյս յայտնելով, որ նոր կառավարութիւնը կարելի պիտի ըլլայ կազմաւորել 7-10 օրուան ընթացքին:
Հարիրի նախազգուշացուց Լիբանանի տնտեսական վատթար իրավիճակէն՝ նշելով, որ երկիրը այլեւս ի վիճակի չէ տանելու քաղաքական յարադէպ բախումները:
«Կ’երաշխաւորեմ, որ նոր կառավարութեան երկար սպասուած կազմաւորումը պիտի իրականանայ 7-10 օրուան ընթացքին»,- ըսաւ Հարիրի «MTV» հեռուստակայանի «Սար Ալ Ուաքըթ» յայտագիրին ժամանակ՝ աւելցնելով, որ այս լաւատեսութեան գլխաւոր պատճառը նախագահ Միշէլ Աունի հետ տեղի ունեցած դրական բանակցութիւններն են:






