«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Ռուսիոյ հարցերով վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի խորհրդականներէն Ժորժ Շաապան Հինգշաբթի հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆորմինի հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին սուրիացի գաղթականներու տունդարձին եւ Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Տեղի ունեցաւ նաեւ միտքերու փոխանակում ռազմական եւ գիտարուեստական ոլորտներուն մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու հեռանկարներուն կապակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդուի վարչապետի պաշտօնակատարի տեղեկատուական գրասենեակէն:






