«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաըտ Խուրի Ուրբաթ հանդիպում ունեցաւ Շուֆ եւ Ալէյ շրջաններու ելեկտրասարքերու սեփականատէրերուն հետ եւ այնուհետեւ, փորձելով ընդառաջել անոնց պահանջներուն, յայտարարեց, թէ պետութեան կողմէ սահմանուած ելեկտրականութեան գնագոյացումի պարագային հաւանական է, որ որոշ փոփոխութիւններ կատարուին, եթէ այդօրինակ անհրաժեշտութիւն զգացուի:
Պատուիրակութեան հետ հանդիպումէ ետք մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ Խուրի ըսաւ, որ յաւելեալ քննարկումներ պիտի ունենայ ելեկտրասարքերու սեփականատէրերուն հետ:






