4 Հոկտեմբեր 2018-ին Լիբանանի նորընտիր առաջնորդ տէր Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր զինք դիմաւորեցին բուժարանին տնօրէնն ու խնամակալութեան անդամները: Սրբազանը փափաքած էր մօտէն ծանօթանալու եւ իրազեկ դառնալու բուժարանին մէջ տարուող աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ հիւանդներուն եւ տարեցներուն առօրեային եւ հոգատարութեան մասին:
Այցելութեան ընթացքին Սրբազանը շրջեցաւ հիւանդներուն սենեակները եւ զրուցեց անոնց հետ:
Ապա սրահին մէջ հաւաքուած մամիկ եւ պապիկներուն հետ ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին իրեն հրամցուեցաւ երգ, ասմունք եւ նուագ: Իր պատգամին մէջ սրբազանը՝ խրախուսելով ծերունիները հաստատեց, որ բախտաւորութիւն է այսպիսի հայկական հոգատար միջավայրի մը մէջ ունենալ սիրոյ եւ գթութեան ապաստան:
Խնամակալութիւն եւ տնօրէնութիւն
Հայ Ազգային Բուժարանի






