Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Ազնաւուրը՝ Կիւմրեցիներուն. «Ես Փոքրամարմին Եմ, Բայց Հսկայ Արձանը Ձեզի Կը Ձգեմ»

Քիչ են այն արձանները, որոնք կը տեղադրուին այս կամ այն գործիչի կենդանութեան օրօք: Երեւոյթը շատ աւելի խիստ մօտեցում կը պահանջէ, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի աշխարհահռչակ շանսոնիէին:

Կիւմրին այն եզակի քաղաքն է, ուր 2001 թուականին տեղադրուեցաւ մեծ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի արձանը: Արձանի բացումին Շառլ Ազնաւուրը անձամբ ներկայ գտնուած է: Հեղինակը կիւմրեցի քանդակագործ Սամուէլ Պետրոսեանն է:

Քանդակագործը «Sputnik Արմէնիա»-յին պատմեց. «Մինչ հիմնական բնօրինակը պատրաստելը, մի քանի փոքրիկ մանրակերտ պատրաստուած է: Ընդունուած է, որ երբ ողջ մարդու արձանը կը քանդակես, իր կարծիքը պէտք է անպայման հարցնես: Այդ ժամանակ մի քանի օրինակ առած էի, հաւանութեան արժանացաւ անոնցմէ մէկը, որուն հիմքով ալ արձանը պատրաստուեցաւ: Ինծի համար կրկնակի բախտաւորութիւն է, եզակի դէպք, երբ կը քանդակես մարդու մը արձանը իր կենդանութեան օրօք եւ յատկապէս Ազնաւուրի նման մարդու»,- հպարտութեամբ կը նշէ քանդակագործը, ապա կ’աւելցնէ. «Երբ կը քանդակէի, հարցուցի՝ պարոն Ազնաւուր, ի՞նչպէս է: Ըսաւ՝ շատ լաւ է: Ստուգելու համար երկրորդ անգամ հարցուցի, ըսաւ՝ լաւ է, քանի որ արձանը աւելի երիտասարդ է»:

Նախաձեռնութիւնը 1996 թուականին էր, իսկ 1997 թուականին արդէն մեկնարկեցին աշխատանքները, որոնք աւարտեցան 2001-ին:  «Բաւական ծախսատար աշխատանք էր, խօսքը միայն արձանին չի վերաբերիր, անիկա իմ ու ընտանիքիս նուէրն էր: Պէտք էր նաեւ ձեւափոխել կամարը՝ յարմարեցնելով արձանին, ու պատրաստել պատուանդանը»,-նշեց քանդակագործը: Ի դէպ, կամարը մինչ այդ եղած է նոյն տեղը՝ նախկին «Աստղի» հրապարակին մէջ, որ այսօր արդէն «Ազնաւուրի անուան» հրապարակ կը կոչուի: Կամարի ու պատուանդանի վերականգնման ֆինանսական բեռը իր վրայ վերցուցած է Գագիկ Պետրոսեանը: Կամարի ճարտարապետը, որ նոյնպէս ներկայ գտնուած է արձանի բացումին, ակադեմիկոս, ճարտարապետ Արթուր Թարխանեանն է:

Այսպիսով, 2001 թուականի Սեպտեմբեր 22-ին արձանը բացուեցաւ: Պատուանդանով անիկա ունի 6 մեթր 70 սմ բարձրութիւն: Արձանը պրոնզաձոյլ է, պատուանդանը՝ կրանիտ:

«Շատ հետաքրքրական օր էր: Մէկ օր առաջ մռայլ, անձրեւոտ օր էր, այդ օրը՝ տաք ու լուսաւոր: Երբ Ազնաւուրը եկաւ արձանին մօտ, ըսաւ՝ առաջին անգամ ժողովուրդին առջեւ պիտի հանուիմ: Յետոյ ալ սաւանը արձանին վրայէն քաշելով ըսաւ՝ ես փոքրամարմին եմ, բայց հսկայ արձանը ձեզի կը ձգեմ»:

Սամուէլ Պետրոսեանի գաղափարը` Շառլ Ազնաւուրի արձանը քանդակելու, ծնած էր, երբ 1988 թուականի երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ շանսոնիէն եկած էր Կիւմրի: Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մօտ տեսնելով զինք`քանդակագործը արդէն իսկ իր միտքին մէջ «քանդակած» է այդ արձանը:

Մինչ արձանի վերջնական տեսքը ստանալը, քանդակագործը մի քանի ուրուանկար ըրած է, բայց երգիչին հաւանութեան արժանացած է հպարտ քայլով հայրենի հողին կանգնած տարբերակը՝ այն նոյն տարբերակը, որ կանգնեցուած է «Շառլ Ազնաւուրի» անուան հրապարակին մէջ:

Աղբիւր՝ Sputnikarmenia.am

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին