Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

«Ազնաւուրի Երգերը Թաքուն Հրաւէր Էին՝ Մեր Գլուխը Մէկուն Ուսին Դնելու, Մեր Ուսերուն Մէկուն Գլուխը Զգալու». Թուրք Յօդուածագիր

Թրքական «Haberturk» լրատուական կայքի յօդուածագիր Ումուր Թալուն իր սիւնակին մէջ խոր հիացումով անդրադարձած է մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ, դերասան ու երգահան Շառլ Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններուն:

Թուրք հեղինակի «Այսուհետեւ Ազնաւուրը ալ չկայ» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ կը կարդանք.

«Մենք ի՞նչ գիտնայինք, որ ան հայ էր…

Մեր գործը անոր երգերը սիրելն էր: Մենք կը սիրէինք այդ երգերը, քանի որ կը մտածէինք` այդ երգերը սիրելով պիտի կարենայինք սիրահարիլ… Պիտի կարենայինք սիրել ու սիրուիլ… Հաճելի էր ֆրանսերէն լսելը, պէտք ալ չէր գիտնալ լեզուն: Երգին մէջ ինչ ալ որ կ’ըսուէր, իւրաքանչիւր բառը կը պարէր մեղեդիին հետ, քեզի ալ կ’առնէր ու կը տանէր: Առանձնապէս չէինք գիտեր ալ, թէ ուր կ’երթայինք: Ակնյայտ էր, որ միեւնոյն երգերը սիրելով իւրաքանչիւրս տարբեր երազանքներու գիրկը կ’ինային: Անոր «Տար զիս աշխարհի միւս կողմը» խօսքերուն մէջ իւրաքանչիւրիս համար աշխարհի միւս կողմը տարբեր էր…

Ներողութիւն, մենք ի՞նչ գիտնայինք, որ ան հայ էր…

Երբ «La Boheme»-ը կը հնչէր, անկարեւոր կը դառնար թէ՛ երգողի, թէ՛ լսողի ինքնութիւնը: Աշխարհի որ մասն ալ գտնուէիր, դուն քեզմէ չէիր կրնար փախչիլ:

Անձնագիրին մէջ չէին կրցած գրել «Շահնուր» անունը, փոխարէնը «Շառլ» անունը տրուած էր:

Մայրը Թուրքիայէն էր, հայրը` Վրաստանէն, ներողութիւն, մենք, ի՞նչ գիտնայինք, որ ան ալ «հայ» է:

Յետոյ միայն գիտցանք, թէ ինչեր տեղի ունեցած են, ինչեր տեղի չեն ունեցած: Սակայն ի՞նչ պիտի ընէինք, երգերը թշնամի՞ պիտի համարէինք:

Երգերը թշնամի չէին եւ իրականութեան մէջ ի՛նքն ալ թշնամի չէր:

«Մարդոց, ժողովուրդներուն դէմ պահանջ չունէր, մենք ալ կ’ուզէինք, որ չունենար: Հաւանաբար իր կորսնցուցած արմատներուն հանդէպ ունեցած պարտքի զգացումը «քաղաքականացուցած» էր զինք: Մինչդեռ մենք այդպիսի մահեր չէինք ուզեր, նոյնիսկ եթէ մեզմէ շատերը մահանային»:

Նոյնիսկ «Սիրելէն մահանալ» երգին մէջ մեր միտքը «սիրելն» էր:

Օր մը Իսթամպուլի գրախանութներէն մէկուն մէջ, երբ դրամարկղի մօտ կը սպասէի իմ կարգիս, երիտասարդ մը սեղանին դրաւ «ֆրանսերէն երգեր»-ու ձայնապնակը. Պրէլ, Ռեկիանի եւ ուրիշներ: Նկատեցի` 12 երգիչներէն միայն Ազնաւուրն է ողջ: Ծերութիւնը այդպիսի բան է:
«Լաւ պահեցէք ձեր ձայնապնակը, միայն ան ողջ մնացած է: Ան ալ համերգները չեղեալ յայտարարած է: Դեռ երէկ ըսաւ՝ մէկ լաւ եմ, մէկ վատ»,- ըսի ես:

Ներողութիւն, մենք ուրկէ՞ գիտնայինք…

Հիացած մնացինք անոր ձայնով, երգերով, որոնք կարծես թաքուն հրաւէր էին՝ մեր գլուխը մէկուն ուսին դնելու, մեր ուսերուն մէկուն գլուխը զգալու:

94-ամեայ Շառլ Ազնաւուրը մահացաւ «թուրք-հայկական սահմանի բացման երազանքով»…

Այստեղ գլխաւորը հիասթափութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ նաեւ անոր երգերէն ծնած մեր երազանքներէն շատերուն հետ:

Այդ պատճառով ես միշտ ամենաշատը սիրած եմ անոր «Desormais»-ը (Այսուհետ):

Այդ երգը կը թուարկէր այն ամէնը ինչ այսուհետ ա՛լ պիտի չ’ըլլար:

Ինչեւէ…»

Թարգմանութիւնը՝ Էլէն Քոքչեանի

Ermenihaber.am

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին